ՏԷՐՍԻՄՑԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹ-ՀԱՆԱՈՒԻ ՄԷՋ

Համացանցի վրայ հրատարակուած է Տէրսիմցի հայերու միութեան անունով եւ Ր. Գայան ստորագրութեամբ հրաւիրագիր մը, որ բաց հրաւէր է 29 սեպտեմբերին Ֆրանքֆուրթ-Հանաուի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը։

Միութեան անունն է Տէրսիմի հայերու հաւատքի ու ըկերային փխօգնութեան մութիւն, թրքերէն անունով։ Միութիւնը վերոյիշեալ բաց հրաւէրը հրատարակած է երեք լեզուներով`թրքերէն, հայերէն եւ գերմաներէն։ Յայտնի չէ,թէ Միութեան կեդրոնատեղին ուր է։ Հրաւէր-նամակին մէջ կը կարդանք հետեւեալը (Տրուած ըլլալով որ Հայերէնը անբաւարար է, մեծ մասամբ թարգմանած ենք թրքերէն բնագրէն)։

Յարգելի’ բարեկամներ,

ՏԵՐՍԻԱՅՏ-ի (Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ սոցիալ փոխօգնութեան միութեան) կողմէ 29 սեպտեմբեր 2012 թուականին կազմակերպուած է «Տերսիմցի Հայերու Ֆրանքֆուրթ-Հանաուի Հանդիպումը» ցերեկոյթը, որուն Ձեր մասնակցութիւնը մեզի համար պատիւ պիտի ըլլայ։

Մարդիկ Տէրսիմի մէջ իշխող ժողովուրդի իշխանութիւններուն կողմէ երկար տարիներ գործադրուած ահաբեկչական ճնշումի տակ լռութեան դատապարտուեցան։ Մարդիկ Տերսիմի մէջ երկար տարիներ տառապանքի ենթարկուեցան ու ջարդուեցան։ Կեանքի այս անգութ ու դժուար պայմաններուն տակ անոնց մէկ մասը կրցաւ ողջ մնալ իր ինքնութիւնն ու կրօնքը գաղտնի պահելով։ Այս դժուարութիւններուն գիտակից որոշ ՏԵՐՍԻՄԱՀԱՅԵՐ, մտածելով որ այժմ ճիշդ պահն է այլեւս, հրապարակեցին իրենց բուն ինքնութիւնը։ Ինքնաբացայայտուողները մկրտուեցան ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան դատարաններուն կողմէ պաշտօնապէս վաւերացուած իրենց նոր անուններն ու ինքնութիւնը վերագտան։ Մենք, առանց ժամանակ կորսնցնելու եւ մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով, ՏԵՐՍԻՅԱՏ (Տերսիմահայերու հաւատք եւ ընկերային փոխօգնութեան միութիւն) անուն մեր կազմակերպութիւնը հիմնեցինք։

Իբրեւ առաջնահերթ նպատակ` մեզ մեր ժողովուրդի հետ ծանօթացնելու արշաւ բացինք։ Հայաստան, Կ. Պոլիս (Իսթանպուլ), Տերսիմ եւ Եւրոպայի տարբեր պետութիւն եւ քաղաքներու մէջ հանդէս եկանք շատ յաջող գնահատուած նախաձեռնութիւններով։ Յայտարարելով, որ «Ինչ ենք, այդ ենք», յայտնաբերելով մեր բուն ինքնութիւնը, զմեզ փրկելով մինչ այդ առկայ թիւրիմացութիւններէ եւ սխալներէ, կրցանք կարեւոր նախաքայլ մը իրականութիւն դարձնել։ Մենք ասիկա ընելու ընթացքին, նախ եւ առաջ մեր մէջ առկայ բաժանումներուն վերջ տուինք, մեր ինքնութեան պատմական իրողութեան հետ երես առ երես եկանք, մեր շրջապատի մէջ գտնուողներուն ալ իրենց թիւրիմացութիւններուն հետ երես առ երես գալու առիթն ընծայեցինք։

Այս իմաստով, մեր յայտնութիւնն ու գոյութիւնը իրականութեան մէջ մեզ շրջապատող մեծամասնութեան համար ալ հնարաւորութիւն ու առիթ կը հանդիսանայ։ Ինչպէս, որ մենք մեզի պարտադրուած ինքնութիւններէն կրցանք ազատիլ, մեր այս նախաձեռնութիւնը իշխող մեծամասնութեան ալ իրենց սխալներէն ու հնարուած սուտերէն ձերբազատուելու ճամբան պիտի բանայ։ Մենք թէ մեր պատմական գոյութեամբ եւ թէ պատմական ու հասարակական գիտակցոթեամբ եւ հաւատքով այստեղ ենք ու կանք։ Այս իրողութիւնը այլեւս մերժումի կամ ուրացման տեղ չտալու չափ առարկայական է։ Տերսիմահայերս այլեւս պիտի ապրինք մեր պապերու` մեզի թողած ինքնութեամբ, անոնց լեզուներէն հնչող մեր անուններով եւ անոնց հաւատքով։ Միութիւնը աշխատանքի կարեւոր դաշտ է։ Միաժամանակ ընկերային կարեւոր գետին։ Այս գետինը պէտք է զօրանայ մեր գոյութեամբ, մեր գիտակցութեամբ եւ մեր վճռականութեամբ։ Այս տեսակէտէ մեր ամէնէն զգալի պակասը, մեր միութեան եւ միասնականութեան առընթեր, մեր սեփական պատմութեան եւ ընկերային մշակոյթին մասին տեղեկութիւններ ստանալն է։ Կարելիութեան չափով աշխատանք պիտի տանինք այս ուղղութեամբ։ Որպէս միութիւն` պիտի զօրակցինք հայերէնէ թարգմանութիւններ ընելու գործին։ Տեսողական եւ գրաւոր գետնի վրայ պիտի զօրակցինք ամէն տեսակ աշխատանքի եւ մեր մասին եղած բոլոր սխալ տեղեկութիւններէն պիտի փրկենք թէ մեզ, թէ հաւաքականութիւնը։ Միւս կողմէ` Տերսիմի մէջ մեր պապերէն մեզի մնացած պատմական արժէքները պիտի ջանանք ի լոյս բերել եւ գոյութիւն ունեցողները վերանորոգել։ Որպէս միութիւն պիտի զօրակցինք այս նպատակաւ կատարուած բոլոր գործերուն։

Ուստի ասկէ յետոյ մեր նպատակը պիտի ըլլայ ճշմարտութիւններու հետ երես առ երես գալու հանգրուանը։ Յարգելի ընթերցողներ, այս նպատակով է, որ կազմակերպեցինք Տերսիմցի հայերու Ֆրանքֆուրթ-Հանաու հանդիպումը, որուն ձեր ներկայութիւնը պատիւ պիտի բերէ մեզի։ Տերսիցմի հայերու անունով յարգանքներ ձեր բոլորին։

Այլեւս մենք ծնունդ առինք մեր ժխտումէն։

Այլեւս մեր երախաներուն անունները պիտի ըլլայ Հրանդ, Յակոբ, Անահիտ։

Այլեւս ձեզի ձայն կուտանք մեր սեփական անունով։

ՏԷՐՍԻՅԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Ռ. ՔԱՅԱՆ

www.dersimermeni.com

info@dersimermeni.com

Նյութը վերցված է ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱՅԻՑ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ