Ըստ «Ֆայնենշըլ թայմզ»-ի՝ Անգարա կը գիտակցի, թէ քրտական դաշնակցային պետութեան մը հետ կրնայ գործ ունենալ

ԼՈՆՏՈՆ.- Միջազգային լրատուամիջոցներ սուրիական տագնապի զարգացումներու ծիրին մէջ կը շարունակեն աշխոյժ կերպով մեկնաբանել տագնապին մէջ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով ներգրաւուած արտաքին ուժերու գործողութիւնները: Բրիտանական «Ֆայնենշըլ թայմզ» թերթը կը գրէ, որ սուրիական պատերազմը կրնայ Թուրքիոյ համար վատ հետեւանքներ ունենալ, եւ Անգարա արդէն իսկ կը գիտակցի, թէ իր մեծագոյն սարսափը եւ ամէնէն վատ տարբերակը՝ քիւրտերու դաշնակցային պետութեան մը ստեղծումը, իրականանալու մօտ է:

«Սուրիոյ անկումը ի յայտ կը բերէ այն խոր ճեղքերը, որոնց վրայ յենած է շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը», կը գրէ թերթը, ըստ որուն՝ քիւրտերը դանդաղ, սակայն հաստատ կերպով վերահսկողութիւն կը հաստատեն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ:

Անգարան կը մտահոգուի յատկապէս Սուրիոյ մէջ Քրտական ժողովրդավարական միասնութիւն կուսակցութեան ամրապնդումով, որ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ դէմ պատերազմ մղող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դաշնակից է:

Ըստ «Ֆայնենշըլ թայմզ»-ի՝ Սուրիոյ պառակտումը կ՛ուրուագծէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան տկարացումը, որ կրնայ կործանարար ըլլալ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Միջին Արեւելքի համար:

http://asbarez.com/arm/138766/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ