«Սապահ»-ի մէջ քրոնիկագիր Էնկին Արտըչ իր սովորական ծաղրական ոճով եւ «ֆիլիմի պէս Չանաքքալէի ժապաւէն մը» խորագրին ներքեւ Չանաքքալէի պատերազմի մասին կը խօսէր շատ ծանր մերկացումներով։ Կը գրէր սապէս.
«Կրնանք ցոյց տալ միլիոնաւոր հայրենակիցներ, որոնք գիտեն, որ Չանաքքալէն Թրքական յաղթանակ մըն է։ 1915-ին մեր միջեւ գերման սպաներ ալ կային, բայց յաղթանակը Թրքական յաղթանակ էր։ Սպայակոյտի մեր նախագահը գերմանացի մըն էր, բայց յաղթանակը Թրքական յաղթանակ էր։ Բանակին հրամանատարը գերմանացի էր, բայց յաղթանակը Թրքական յաղթանակ էր (պատերազմի վերջաւորութեան եւ «ամբողջութեան» մէջ պարտուեցանք, բայց վնաս չունի)։ Ամէն անգամ, որ նեղ կացութեան մատնուինք կը յիշեցնենք, որ Չանագգալէի մէջ քիւրտերն ալ մեզի հետ կռուեցան ուս ուսի եւ միշտ ալ այս նիւթը կ՚օգտագործենք քիւրտերը հանդարտեցնելու համար, բայց յաղթանակը թրքական յաղթանակ էր։
Լաւ, բայց բնաւ գիտէի՞ք, որ Չանաքքալէի մէջ արաբ զինուորներ ալ կային։ Ճէմալ փաշա Սուրիայէն ղրկեր էր զանոնք։ Բոլորն ալ մահմետական չէին։ Անոնց միջեւ եզիտիներ ալ կային, նասթուրիներ ալ։
Չանաքքալէի մէջ յոյն սպայ կար։ Բժիշկ հարիւրապետ մը, որուն գերեզմանաքարին վրայ «Տիմիթրոյաթի» գրեր են։ Արդեօք Տիմիթրիոտի՞ս էր։
Չանաքքալէի մէջ Հայ սպայ մըն ալ կար` Սարգիս Թորոսեան, Կեսարիոյ, Էվէրէկ գաւառակէն, այժմ Տէվէլի։ Թնդանօթաձգութեան հրամատար էր, թշնամիներու քանի մը նաւ ալ ընկղմեր էր, ծանր վիրաւորուեր էր եւ Էնվէր փաշայէն «գնահատագիր» իսկ ստացեր էր։
Հարիւրապետի աստիճանին բարձրացեր էր, ունեցեր էր նաեւ Օսմանեան բարձրապատիւ պետութեան պատերազմական մետայլը։ Այն օրերուն, երբ ան Չանաքքալէի մէջ կը կռուէր Թուրքիոյ ի նպաստ, Գայսէրիի մէջ ալ անոր մայրն ու հայրը ջարդեր են։ Այո, նոյն օրերուն` 1915-ի ամառուան սկիզբը։
Իթթիհատ եւ թէրաքքիի մէկ թիւ մարդը Թորոսեանին գնահատագիր կը ղրկէ, իսկ Իթթիհատ եւ թէրաքքիի ստորին մակարդակի մարդիկը կը սպաննեն անոր ընտանիքը։ Թորոսեան 1917-ին վերադարձեր է իր երկիրը, ապա յուսալով, որ իր ընտանիքէն թերեւս վերապրող մը կրնայ գտնել, գացեր է Սուրիա։ Հոն շատ թշուառ վիճակի մէջ գտեր է իր քոյրը` Պայծառը, այն ատեն ապստամբեր է օսմանցիներու դէմ եւ 1918-ի աշնան միացեր է ապստամբ արաբական միութիւններուն։
Ահա թէ ինչպէս Չանաքքալէի հերոս Թորոսեանը ի վերջոյ դարձեր է հայրենադաւ։ Այսպէս կ՚ըսեն անոնք, որոնք սպաննեցին անոր ծնողքը։ Ի վերջոյ ան ալ անիրաւուած բազմաթիւ հայերու նման Ամերիկա գացեր է։ Ճիշդ ալ սա Քիմ Քարտաշեանի մեծ հօրը նման։ 1947 թուականին սկսեր է գրել իր յուշերը։ Այդ յուշերը հիմա թրքերէնի թարգմանուեցան «Չանաքքալէէ դէպի Պաղեստինի ճակատ» խորագրին տակ։
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստող փրօֆ. Այհան Ագթար բաւական բովանդակալից նախաբան մը գրեր է։ Հարկաւ դուք պիտի չկարդաք։
Բայց անշուշտ որ պիտի չկարենաք իրարմէ զանազանել Չանաքքալէն եւ Տումլուփընարը, որոնց միջեւ եօթը տարուան տարբերութիւն մը կայ, եւ անշուշտ որ Չանաքքալէն պիտի կարծէք «ազատագրութեան» մեր պատերազմին մէկ մասնիկը, անշուշտ որ իմացած պիտի ըլլաք մեր անկախութեան պատերազմին կցուած Չանաքքալէն, որուն մէջ Աթաթիւրքը կայ, բայց բան մը պիտի չգիտնաք Կալիչիայի, Ջրանցքի, Միջագետքի կամ Կովկասներու ճակատներուն մասին, որոնք ձեզի չեն ուսուցուած, որովհետեւ անոնց մէջ Աթաթիւրք չկայ։ Լաւ, հիմա ինծի կրնաք բարկանալ։ Ասիկա կրնայ ձեզ իշխանութեան գլուխ բերել։
Leave a Reply