Հողը իր տիրոջ կը սպասէ

Ն.ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Երկրի ու հողի կորուստը ծանր կորուստ է :
Հողն անմահ է, հողն իր տիրոջ արիւնակիցն է ու կը սպասէ, կը սպասէ, կը սպասէ….»

ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆ
(Ձորի Միրօ)

***

Մարութա Սարի գագաթին

Առաւօտեան ժամը չորսն է: Արեւի շողերը սկսան երեւիլ: Ընկերները յոգնած են եւ անքուն: Ոգեւորութիւնը, սակայն, շատ մեծ է բարձրանալու Մարութա լերան գագաթը:

Կ՛ուզեն տեսնել Սասունի լեռները եւ մասնակցիլ Մարաթուկի ուխտին: Բնութիւնը լուռ է: Կը բարձրանանք դէպի վեր եւ կ՛անցնինք այն ճամբաներէն, ուրկէ անցած են հաւանաբար Գէորգ Չաւուշը , Սպաղանաց Մակարը եւ շատ ուրիշ ֆետայիներ…

Արդէն գագաթին վրայ ենք` 2973մ. բարձրութեան վրայ: Հրաշալի են Սասնոյ լեռները: Կը պարզենք հայկական եռագոյն դրօշը:

Կը վառենք մոմերը Ս. Աստուածածին մատրան մէջ` յիշելով մեր նահատակները: Ընկերները յուզուած են եւ մտահոգ: Սասունի քրտացած հայերուն ինչպէ՞ս կրնան օգնել: Վերջապէս մենք ուխտաւոր էինք, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդական երգը` «Մարաթուկ բարձր սար է, վրէն վառուող մոմեր, էրնէկ ես ուխտի երթեմ, զիմ մուրազ կատարէ»:

***

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցուոյ դիմաց

Վանայ լիճը արդէն կ՛երեւի:Անհամբեր կը սպասենք Աղթամար երթալու: Աճապարանօք նաւ կը նստինք ու կը նաւարկենք Վանայ լիճի մուգ ու զուլալ ջուրերուն վրայ:

Արդէն կ՛երեւի խաչը: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն. բռնագրաւուած հողի վրայ կը տեսնենք հայկական եկեղեցի մը` խաչով թագադրուած: Հիացած կը դիտենք Ս. Խաչը եւ կը լսենք Անդրանիկին տուած բացատրութիւնները: Անդրանիկը մեր առաջնորդն է, որ քաջածանօթ է երկրի բոլոր շրջաններուն ու մանրամասնութիւննրուն:

Բառեր չենք գտներ արտայայտելու մեր զգացումները: Ցած ձայնով կ՛երգենք «Հայր Մեր»-ն ու «Տէր Ողորմեա»-ն: Խունկի բուրմունքը եկեղեցիէն դուրս կը տարածուի…

Վանայ լիճի մաքուր ջուրը կը հրապուրէ մեզ: Քարքարոտ ափին հասնելով` հրճուած կը մտնենք ջուր` մկրտուելու համար: Լիճի ալիքները կը խաղաղեցնեն մեր հոգին: Արդէն ժամն է վերադառնալու ծովափ` Ճաշելու: Կը խնդրենք տիրոջմէն մեր տուած Սայաթ Նովայի սկաւառակի երգերը սփռէ: Կը խմենք մեր հողերուն կենացը: Կ՛երգենք, կը հպարտանանք եւ կը ցաւինք, որ կորսնցուցած ենք այս հողերը: Կը ճաշակենք Վանայ տառեխը եւ կը պատրաստուինք մեկնելու: Տիրոջմէ կը խնդրենք մեր սկաւառակը, բայց ան կը տատամսի եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ սկաւառակը իր մօտ մնայ որպէս յիշատակ….

***

Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցուոյ դիմաց

Պահ մը, Վանի պանդոկը նստած, կը վերյիշեմ, թէ ինչպէ՛ս եկայ Արեւմտահայաստան:

… ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն ընկեր մը կը հարցնէ.

– Արեւմտահայաստան կ՛երթա՞ս:

Պահ մը շուարած կը մտածէի` արդեօք ճիշդ կը լսէ՞ի: Հաստատելու համար նորէն հարցուցի, եւ պարզուեցաւ, որ ճիշդ էր լսածս: Տարիներու երազս կրնար իրականանալ:

Կը հաշուեմ օրերը: Վերջապէս կը հասնի  ժամը մեկնելու: Կը հասնիմ օդակայան: Կը հանդիպին Լիբանանէն մասնակցող ընկերներուն: Կ՛երթայինք տեսնելու Երկիրը, որուն մասին շատ կարդացած էինք Ռուբէնի յուշերուն մէջ: Երկիրի երազով կը հասնինք հայաստան: Կը հանդիպինք Հայաստանի ՀՅԴ երիտասարդականի պատասխանատու ընկ. Սաքոյին եւ ընկ. Հայկազին, որոնք ամիսներէ ի վեր կը ծրագրէին դէպի Արեւմտահայաստան մեր ուխտագնացութիւնը: Ընկերները մեզի կը տեղեկացնեն ուխտագնացութեան նպատակին մասին` ճանաչում հայկական բռնագրաւուած հողերուն: Նաեւ կը ծանօթանանք Թեհրանէն եւ Քուէյթէն մասնակցող մեր ընկեր-ընկերուհիներուն: Յաջորդ առաւօտեան մեր խումբը Երեւանէն ճամբայ ելաւ դէպի Վրաստան, որուն ճամբով մուտք պիտի գործէինք Երկիր:

***

Ուխտաւորները Անիի մէջ

Արդէն քանի մը օրէ կ՛այցելենք մեր պատմական հողերը: Տպաւորութիւնները այնքան շատ են որ սկսած ենք շփոթելու մեր տեսած տեղերն ու վայրերը:

Տեսած էինք պատմական Կարսը, Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին, Վարդանի կամուրջը, Եղիշէ Չարենցի հօրենական տունը եւ պատմական բերդը: Տակաւին կը գոյատեւէին հայկական թաղերը` լքուած վիճակի մէջ:

Այցելած էինք Անի: Տեսած էինք սահմանը, որ այնքան մօտ էր, բայց եւ այնպէս անհասանելի կը թուէր: Տեսած էինք քաղաքի շքեղ եկեղեցիները, որոնք  կը պայքարէին` պահելու համար իրենց կառոյցն ու ինքնութիւնը: Տեսած էինք Անիի վիթխարի Մայր տաճարը եւ մեր աղօթքներով պահ մը խանգարած էինք քաղաքին լռութիւնը: «Տէր ողորմեա»-ի արձագանգը տարածուած էր ամբողջ քաղաքին մէջ:

Մուշի մէջ հայկական եկեղեցի

Այցելած էինք Մշոյ Սուրբ վանք Սուրբ Կարապետ, որուն քարերը օգտագործուած էին տուներ կառուցելու…Շատ ահաւոր էր պատկերը: Վանքի մնացորդացին քով մոմ վառեցինք:

Մոմերը արդէն չկան: Գիւղի պզտիկները հաւաքած են զանոնք ու կը պատրաստուին տարեդարձի… Ընկերները զայրացած են: Նոյնիսկ մոմ չէինք կրնար վառել մեր վանքին մէջ…

Տեսած էինք Կարինը, որ դարձած էր արդէն շքեղ քաղաք մը, հոն հայկական հետքեր գտնելը բաւականին դժուար էր:

Այցելեցինք նաեւ Խոպա, որ համշէնահայութեան սիրտն է: Մեզ կ՛առաջնորդէ ընկեր Հայկազը, որ ծանօթներ ունի այս շրջանին մէջ:

Հազարաւոր հայեր կը գիտակցին իրենց հայ ըլլալուն, սակայն բարձրաձայն չեն յայտարարեր այդ մասին…

 ***

Սուլուխի Կամուրջին վրայ

Այժմ վերադարձած ենք Երեւան եւ կը քննարկենք մեր ուխտագնացութիւնը ընկեր Սաքոյին հետ:

Բոլորին մէջ մէկ համոզում կայ: Ուխտագնացութիւնը առիթ եղաւ, որ մենք ծանօթանանք մեր երկրին եւ ամրացնենք մեր պահանջատիրական ոգին:

Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ «Հողը իր տիրոջ կը սպասէ…»

Այնճար

8 Օգոստոս, 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ