Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ վաւերացուց Կալուածներու գնման մէջ փոխադարձութեան օրէնքը, որով 183 երկիրներու քաղաքացիները Թուրքիոյ մէջ պիտի կարենան կալուած գնել առանց նախապայմանի։ Այս երկիրներուն միջեւ կը գտնուին Ամերիկա, Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Պելժիա, Իտալիա, Հարաւային Գորէա եւ Մոնաքօ։ Նոյն օրէնքին համաձայն` Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Հիւսիսային Գորէայի նման երկիրներու քաղաքացիները դուրս կը մնան առանց նախապայմանի կալուած գնելու իրաւունքէն։ Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիա այս երկիրներու հետ իր յարաբերութիւնները սառեցուցած է։ Ասիկա մօտաւորապէս կը նշանակէ« որ այս երեք երկիրներու քաղաքացիները կալուած չեն կրնար գնել Թուրքիայէ։
Կը սպասուի« որ նոր օրէնքը աշխոյժ շարժում ստեղծէ կալուածներու բնագաւառէն ներս։ Չինաստանի եւ Իսրայէլի նման երկիրներու համար տնային կարգ մը սահմանափակումներ դրուած են։ Ատոր փոխարէն նմանօրինակ սահմանափակումներ չկան Եւրոպայի եւ Արաբներու նկատմամբ։
Ըստ նոյն օրէնքին` Ռուսաստանի, Վրաստանի, Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ նման երկիրներու քաղաքացիներ Թուրքիայէն կալուած պիտի կարենան գնել պայմանաւ, որ այդ կալուածները չգտնուին ծովեզերեայ կամ սահմանային նահանգներու մէջ։ Այս կերպով ասոնց առջեւ ալ դրուեցաւ ծովեզերեայ վայրերու արգելք։
Ասկէ զատ` Իրանի եւ Իրաքի նման երկիրներու քաղաքացիները յատուկ արտօնութեամբ պիտի կարենան կալուած գնել։ Իսկ իրենց հարստութեամբ նշանաւոր Սէուտի Արաբիոյ, Միացեալ Արաբ Էմիրիութիւններու եւ Քուէյթի կարգին Ատրպէյճանի, Թուրքմէնստանի նման երկիրներու քաղաքացիներուն համար ալ փոխադարձութեան պայման պիտի չփնտռուի, անոնք եւս պիտի կարենան կալուած գնել առանց նախապայմանի։
Leave a Reply