Դիմելու ժամկէտը կը լրանայ 27 օգոստոսին, ցարդ միայն 42 հիմնարկներ դիմեցին
Պուրճու Չալըք «Սապահ»-ի մէջ կը տեղեկացնէ, որ հակառակ որ վարչապետ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ ընդունուած վագըֆներու նոր օրէնքի համաձայն պիտի վերադարձուէին փոքրամասնութիւններու 76 տարի առաջ բռնագրուած կալուածները, փոքրամասնութիւններէ սպասուած դիմումը տակաւին չէ կատարուած։
Բռնագրաւուած կալուածները ետ ուզելու նպատակով կատարելի դիմումներուն համար վերջին ժամկէտն է 27 օգոստոսը, եւ այլեւս քիչ ժամանակ մնացած է, որպէսզի ժամկէտը աւարտի, բայց կանոնագրութեան հրատարակութեան օրէն ասդին փոքրամասնական 165 հիմնարկներէն միայն 42-ը դիմեց կալուած ետ պահանջելու համար:
Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը կարծէր, որ մօտաւորապէս 500 անշարժ կալուածներու համար դիմում պիտի կատարուի, բայց մինչեւ այսօր դիմում կատարուած է միայն 218 կալուածներու համար։ Վագըֆներու խորհուրդը ցարդ 69 կալուածներու մասին որոշում ընդունեց։
Leave a Reply