Նիւ Եորքի մէջ թատերախաղ մը, որ պիտի զայրացնէ թուրքերը

«Կարմիր շունը կը հաջէ» դարձեալ օրակարգի կը բերէ 1915ի դէպքերը

Նիւ Եորքի «Օֆ Պրօտուէյ» կոչուած թատերասրահի մը մէջ 5 սեպտեմբերէն մինչեւ 14 հոկտեմբեր պիտի բեմադրուի թատերախաղ մը, որուն համար կ՚ըսուի, որ զայրոյթ պիտի պատճառէ թուրքերուն։

Ներկայացման տոմսերը արդէն վաճառքի հանուած են։ Ալեքսանտր Տինէլարիսի կողմէ գրի առնուած, Քէն Րուս Շմոլի կողմէ բեմադրուած այս թատերախաղը, որուն խորագիրն է «Կարմիր շունը կը հաջէ», կը պատմէ Մայքըլ Գիրիագոս անուն երիտասարդի մը ոդիսականը։ Այս երիտասարդը օր մը յանկարծ դէմ յանդիման կուգայ կարգ մը ճշմարտութիւններու հետ, որոնք անծանօթ էին իրեն։

Ան, իր հօրը մահէն վերջ երեւան հանուած կարգ մը նամակներէ ճամբայ ելլելով կը սկսի պրպտել իր ընտանիքին անցեալը եւ ի վերջոյ կ՚իմանայ որ իր ընտանիքը յոյն չէ, այլ Օսմանեան շրջանի հայերէ կուգայ, եւ իր ընտանիքին անդամներն ալ, անհամար ուրիշ հայերու նման, դարասկիզբը թուրքերու բրտութեան ու տեղահանութեան ենթարկուած էին։ Մայքըլ Գիրիագոս այս նոր յայտնութեան դիմաց կը հասկնայ, որ այսուհետեւ աւելի ուժեղ պէտք է ըլլայ կեանքի մէջ։

Ամերիկայի թուրքերուն հակազդեցութիւնը

Թուրք ամերիկեան միութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Ալի Չընար անմիջապէս հակազդեց. ան բողոքեց յիշեալ խաղին մէջ թուրքերու նկատմամբ կատարուած ակնարկութիւններուն դէմ։ Չընար ըսաւ. «Այս թատերախաղին նպատակը արուեստ չէ, այլ 1915-ի պնդումները դարձեալ օրակարգի բերել է։ Այս խաղը, իբրեւ թէ յուշատետրերէ կամ նամակներէ ճամբայ ելլելով, կը պատմէ կարգ մը երեւակայական դէպքեր, որոնք իրականութեան մէջ չեն պատահած»։ Չընար աւելցուց, որ այս նիւթի կապակցութեամբ բողոքի դիմում պիտի կատարեն յիշեալ թատերասրահին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ