Օտարահպատակներու կարգին հայաստանցի ալ կը նշուի
Ներքին նախարար Իտրիս Նաիմ Շահին դարձեալ ըրաւ յայտարարութիւն մը, որ բանավէճի նիւթ կրնայ դառնալ։ Արդարեւ, Ներքին Նախարարը Թուրքիոյ մէջ կատարուած քրտական ահաբեկչութիւնները վերագրեց օտարահպատակներու, ատոր փոխարէն մաքուրի հանեց Թուրքիոյ քիւրտերը, որոնց մասին քանի մը նգամ գործածեց «քիւրտ եղբայրներս» ասութիւնը։
Ներքին նախարար Շահին ըսաւ, որ սպաննուած իւրաքանչիւր չորս ահաբեկիչէն երկուքը օտարահպատակ է, կը կրէ Իրանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ երբեմն ալ Իսրայէլի ինքնութեան թուղթ։ «Այս յարձակումները օտարներու կազմակերպութիւնն է, այլապէս իմ քիւրտ եղբայրներս այսպիսի խնդիր մը չունին, եթէ իմ քիւրտ եղբայրներս այսպիսի խնդիր մը ունենային, այն ատեն անոնց դիմաց ոչ Թուրքիան կրնար կանգնիլ, ոչ ալ ամբողջ աշխարհը»,- ըսաւ ներքին նախարարը։
Շահին աւելցուց. «Անցեալի մէջ կարգ մը սխալներ գործուեցան, բայց այսօր Թուրքիոյ մէջ որեւէ պակաս բան չկայ իրաւական ու դատական կարգերու, հաւասարութեան եւ ազատութեան բնագաւառներէն ներս, իմ քիւրտ եղբայրներս միայն ունին ՓՔՔ-ի կամ ՔՃՔ-ի նման խնդիրներ։ Այս երկու կազմակերպութիւնները իմ քիւրտ եղբայրներս եւ անոնց ապրած աշխարհագրական շրջանը ընկերաբանական տեսակէտէ չարաչար կը գործածեն եւ երեւակայական նոր աշխարհ մը հիմնել կը ջանան»։
Ներքին Նախարարին այս բացատրութիւնը, որուն մասին փաստեր չեն ներկայացուած անշուշտ, եթէ ճիշդ է, այսինքն` եթէ ճիշդ է, որ սպաննուած չորս ահաբեկիչէն երկուքը օտարահպատակ է, պէտք է պատասխանել երկու հարցումներու։ Եթէ երկուքը օտարահպատակ են, միւս երկուքը թրքահպատակ չե՞ն։ Ատկէ դուրս` եթէ սպաննուած չորս ահաբեկիչէն երկուքը օտարահպատակ են, բարձր թիւ մը կազմող այս օտարահպատակները ի՞նչպէս կը թափանցեն Թուրքիոյ սահմաններէն ներս։ Մնաց որ ըսել, թէ «Իմ քիւրտ եղբայրներս որեւէ խնդիր չունին», կը հակասէ Թուրքիոյ մէջ բնակող քրտական կազմակերպութիւններու ու կուսակցութիւններու կողմէ ամէն օր կատարուած յայտարարութիւններուն։
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply