ՃԷ–ՀԷ–ՓԷ. Սուրիոյ Ու Շէմտինլիի համար արտակարգ նիստի պիտի հրաւիրէ խորհրդարանը
Պահչէլի ըսաւ, որ Ա–Գէ–Փէ իշխանութեան օրով ջնջուեցան Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան բոլոր կարմիր կէտերը
Թուրքիոյ իշխանութիւններ այս օրերուն երկու խոշոր գլխացաւեր ունին։ Մէկը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, միւսը` Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս։ Առաջինը Շէմտինլիի մէջ օրերէ ի վեր շարունակուող բախումներն են։ Յայտնի է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը այս անգամ շատ ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կուտայ։ Իշխանութիւնները զուսպ կը խօսին, բայց պնդողներ կան, որ այն, ինչ որ հոն կը պատահի, զինուորական գործողութեան տարողութենէն շատ անդին է, իրականութեան մէջ հոն ներքին պատերազմ մըն է, որ կը մղուի։ Վարչապետ Էրտողան յստակ ու մանրամասնեալ բացատրութիւններ չէ տուած Շէմտինլիի պատահարներուն մասին, միայն ըսաւ, որ հոն կացութիւնը կառավարութեան հակակշռին տակ է: «Մեր հակակշիռէն դուրս մնացած որեւէ կէտ չկայ»,- ըսաւ վարչապետ Էրտողան։
Բայց ընդդիմադիրներու կարծիքը այս չէ։ Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու երէկ ըրաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը եւ քննադատեց Վարչապետին այն յայտարարութիւնը, թէ «Ամէն ինչ մեր հակակշռին տակ է»։ «Ես կը հաւատամ, որ ամէն ինչ վարչապետին հակակշռին տակ չէ,- ըսաւ Քըլըճտարօղլու,- դէպքերու զարգացումն ալ արդէն այդպէս ցոյց կուտայ։ Վարչապետ մը եթէ «ամէն ինչ իմ հակակշռիս տակ է» կ՚ըսէ, այն ատեն պէտք է, որ աւելի յստակ տեղեկութիւններ տայ բախումներու մասին, որոնք կը շարունակուին երկու շաբաթէ ի վեր, իսկ եթէ յստակ տեղեկութիւններ չի տար, այդ ալ կը նշանակէ, որ պատահարները անոր հակակշռին տակ չեն»։
Թուրքիոյ երկրորդ գլխացաւը անշուշտ Սուրիոյ պարագան է։ Այս մէկն ալ բաւական մութ ու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար մտահոգիչ կէտեր ունի։ Թուրքիա մէկ կողմէ զօրավիգ կը կանգնի Էսատի ընդդիմադիրներուն, մէկ կողմէ ալ վէթօ ունի Էսատի ընդդիմադիրներէն քիւրտերու նկատմամբ։ Վարչապետ Էրտողան այս նիւթի մէջ ալ ըրաւ յայտարարութիւններ, որոնք ներքին քաղաքական կեանքի մէջ տեղի տուաւ բանավէճերու։ Արդարեւ, Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիա բացարձակապէս պիտի չարտօնէ, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սահմաններուն անմիջապէս կից Քիւրտիստան մը հիմնուի։ Վարչապետը այսպէս ըսաւ, բայց այսքանը պիտի բաւէ՞, որպէսզի քիւրտերը հրաժարին Քիւրտիստան մը հիմնելէ։
Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի ըսաւ, որ Վարչապետին յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ սնամէջ խօսք ու ձգձգելու քաղաքականութիւն։ Պահչէլի դիտել տուաւ, որ ՓՔՔ-ն ու անոր պաշտպանները,այլեւս հասած են այն կէտին, երբ Թուրքիոյ ճիշդ սահմանին վրայ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքներ կ՚ընեն։ Ա-Գէ-Փէի իշխանութեան օրով մէկ առ մէկ ջնջուեցան Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարմիր գիծերը։ Հիմա ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու համար շարժման պէտք է անցնին Թուրքիոյ բոլոր ազգայնապաշտ կազմակերպութիւնները, եւ Մէ-Հէ-Փէ պատրաստ է անոնց զօրակցելու, ըսաւ Պահչէլի։ Պահչէլի կրկնեց, որ Հիւսիսային Իրաքի Գանտիլ շրջանին մէջ պէտք է պարզուի թրքական դրօշակ։ Սահմանին վրայ որոշ մաս մը, որուն մէջ է նաեւ Գանտիլը, պէտք է դարձուի ապահովութեան գօտի, ըսաւ Պահչէլի, որ չուզեց գործածել «բռնագրաւել» բառը, հակառակ որ կ՚երեւի, թէ ըսել կ՚ուզէր, որ այս հողամասը պէտք է գրաւուի թուրք զինեալ ուժերու կողմէ։
ՃԷ–ՀԷ–ՓԷ արտակարգ նիստի պիտի հրաւիրէ խորհրդարանը
Ուրեմն Շէմտինլիի պատահարները ու Սուրիոյ զարգացումները լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն իշխանութիւններուն, եւ ընդդիմադիր մայր կուսակցութիւն Ճէ-Հէ-Փէն ալ անտարբեր չէր կրնար մնալ կամ չէր կրնար օգտուիլ չուզել այս կացութենէն։ Արդարեւ Ճէ-Հէ-Փէի կեդրոնական գործադիր մարմինը որոշեց Սուրիոյ պատահարներուն ու Շէմտինլիի անցուդարձերուն քննարկումին համար արտակարգ նիստի հրաւիրել Խորհրդարանը։ Ասոր համար անհրաժեշտ է հաւաքել 110 ստորագրութիւն, եւ կը թուի թէ այդ ստորագրութիւնները արդէն ապահովուած են, դիմումը այսօր պիտի կատարուի։ Երէկ Ճէ-Հէ-Փէի բանբեր Հալուք Քօչ լրագրողներուն յայտնեց, թէ ահաբեկչական վերջին յարձակումները ցոյց տուին, որ կառավարութիւնը անելի մատնուած է։ Ըստ Քոչի` ՓՔՔ-ն հիմա քրտական գարունը իրականացնելու վրայ է, իսկ արտաքին նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու պարզապէս ֆիկիւրան մըն է, որ հոս-հոն կը վազէ ապարդիւն աշխատանքով։
Հաքքարիի կուսակալութիւնը արգիլեալ գօտի հռչակեց եօթը շրջաններ
Շէմտինլիի մէջ ահաբեկիչներու հետ կայացած բախումները օրերէ ի վեր կը զբաղեցնեն թուրք հանրային կարծիքը։ Որքան որ ալ պնդուի, թէ թուրք զինեալ ուժերը իրենց հակակշռին տակ կը պահեն հողատարածքը, յստակ տեղեկութիւններ կը պակսին։ Երէկ Հաքքարիի կուսակալութիւնը, ցնցիչ նոր որոշում մը ընդունելով, առաւել եւս սրեց հետաքրքրութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Հաքքարիի կուսակալութիւնը մինչեւ 6 հոկտեմբեր 2012 թուական զինուորական արգիլեալ գօտի հռչակեց Հաքքարիի մէջ եօթը շրջաններ՝ ինչպէս Շէմտինլի, Չուքուրճա, Եիւքսէքօվա։ Ըսուեցաւ, որ հայրենակիցները կեանքի ու ինչքի վնաս կրնան կրել, եթէ մտնեն այս արգիլեալ գօտիներէն ներս։




Leave a Reply