Լուրերը յստակ չեն, բայց յայտնի է որ օրերէ ի վեր իսկական ներքին պատերազմ մը կը մղուի Շէմտինլիի մէջ։ Վարչապետին համաձայն` ասիկա թուրք զինեալ ուժերու կողմէ կատարուած գործողութիւն է, բայց կը թուի, թէ պարզ գործողութենէ մը աւելին է այն, ինչ որ կը պատահի։
Մամլոյ ներկայացուցիչները քաջութիւն կամ տրամադրութիւն չունին մինչեւ այդ վայրերը երթալու ու կացութիւնը տեսնելու, արդէն արտօնութիւն ալ չկայ երթալու։ Վարչապետ Էրտողան ըսաւ, որ տեղաշրջանի ամբողջ հսկողութիւնը Թուրք Զինեալ Ուժերու ձեռքն է, ոչ մէկ կէտ դուրսը կը մնայ բանակին հսկողութեան գօտիէն։ 23 յուլիսէն ի վեր կը շարունակուին գործողութիւնները, եւ ըստ Վարչապետ Էրտողանին` ցարդ սպաննուեցան 115 ահաբեկիչներ։ Բանակը միայն երկու նահատակ տուաւ։ Անհիմն են այն լուրերը, որոնք կը հրատարակուին կարգ մը թերթերու կողմէ, եւ որոնց համաձայն մեծ թիւով նահատակներ տրուած են։ Վարչապետ Էրտողան քննադատեց այս թերթերը ու հարցուց. «Դուք ո՞ր կողմին թերթերն էք»։ Մինչ Շէմտինլիի մէջ օրերէ ի վեր կը շարունակուին զինուորական «գործողութիւնները», անդին` Հաքքարիի մէջ ալ ահաբեկիչները յարձակեցան ու ծանր վնասներ պատճառեցին։ Վարչապետ Էրտողան ցաւակցական նամակ մը ղրկեց Սպայակոյտի նախագահ զօրավար Նէճտէթ Էօզէլին եւ այս նամակին մէջ շատ խիստ ու ցնցիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Վարչապետը ուշադրութիւն հրաւիրեց ահաբեկչութեան զօրավիգ կանգնող կարգ մը երկիրներու վրայ եւ գրեց.
«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ մեր ազնիւ ժողովուրդը բաւարար ուժ ունին, որպէսզի ահաբեկչական կազմակերպութեան չուանները իրենց ձեռքին մէջ բռնող թշնամի երկիրներուն ու շրջանակներուն չափը գիտցնեն»։
Երբ լրագրողներ հարցուցին, թէ որո՞նք են այդ «թշնամի» երկիրները, Էրտողան ըսաւ, որ հիմա կրնան անպատեհութիւններ ծագիլ, եթէ ինք այդ երկիրներուն անունները տայ։
Leave a Reply