ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներ Էտըմ Շիֆի եւ Ռապըրթ Տոլտի հիւրընկալութեամբ, չորեքշաբթի, օգոստոս 1ին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Քրիս Պոհճալեանի «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» («Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները») հատորին ներկայացումը:
Յատկանշական է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող սոյն հատորը մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ծախուած գիրքերու ցանկին վրայ չորրորդ դիրքը գրաւած էր՝ ըստ «Ուաշինկթըն Փոթս»ի կողմէ Յուլիս 31ին հաղորդուած տուեալներուն:
Հատորը ներկայացնելու կողքին, Քրիս Պոհճալեան մակագրեց հատորէն օրինակներ, աւելի քան երկու ժամ տեւած ձեռնարկին ընթացքին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան դրուատեց հատորը եւ յոյս յայտնեց, որ ան նոր խթան մը կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան:
Նշեալ քոնկրեսականներուն կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Քոնկրեսի մէջ Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն, Ներկայացուցիչներու տան հայազգի անդամ Ճեքի Սփիր եւ քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլին՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվանզի ու կնոջ կողքին: Ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի պատուիրակները, նկատի ունենալով, որ դեսպանը քաղաքէն դուրս կը գտնուէր:
Քրիս Պոհճալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն, որոնք կրցած էին Քոնկրես հասցնել իր հատորը: «Հիմա կը գիտակցիմ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ո՛չ միայն բնութեան պատկառելի ուժերէն մէկն է, այլ նաեւ՝ բարոյական ճշգրիտ կողմնացոյց մը», ըսաւ ան՝ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով հատորը կարդացողներուն ու գիրքի ծննդոցին մասին գրաւիչ ներկայացում մը կատարելով:
Աւելի կանուխ, հեղինակը հանդիպումներ ունեցած էր շարք մը քոնկրեսականներու հետ, որոնց շարքին էին Փիթըր Ուելչ, Պեռնարտ Սենտըրզ եւ Փեթրիք Լէյհի, որմէ ետք ան այցելած է Քոնկրեսի գրադարանին մէջ տեղի ունեցող Հայկական տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով գրադարանի հայկական եւ վրացական բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Լեւոն Աւտոյեանի հետ:
Ձեռնարկէն առաջ, Լէօ Սարգիսեանի անուան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրի մասնակիցները Պոհճալեանի հատորէն օրինակներ բաժնած էին հարիւրաւոր քոնկրեսականներու, նուիրուած՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին կողմէ:
http://asbarez.com/arm/137469/
Leave a Reply