Ուաշինկթըն կը քննադատէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութեան վիճակը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ դաւանութեան ազատութիւն, սակայն, գործնականին մէջ՝ ատրպէյճանական օրէնքներն ու իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը կը սահմանափակեն այդ ազատութիւնը. այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կրօնքի ազատութեան վերաբերող տարեկան տեղեկագիրին մէջ:

«2011ին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որոշ կրօնական ծառայութիւններ պահած են հսկողութեան տակ եւ նոյնիսկ գրաւած են կրօնական բնոյթի նիւթեր: Անոնք նաեւ հետապնդած ու ձերբակալած են իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներէ անդամներ», նշուած է նաեւ տեղեկագիրին մէջ, որ կը խօսի այլ չարաշահումներու եւ խտրականութեանց մասին եւս, որոնց ենթակայ են կրօնական զանազան խմբաւորումներ: Ատրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատող պետական մարմինը, մասնաւորապէս՝ անոր ղեկավարը, օժտուած է լայն իրաւասութիւններով: Ան նոյնիսկ կրնայ արգիլել կրօնական խումբի մը գործունէութիւնը եւ իր հակակշիռին տակ կը պահէ կրօնական գրականութեան հրատարակչութիւնը, ներածումը եւ տարածումը:

Տեղեկագիրին մէջ կը քննադատուի նաեւ այն իրողութիւնը, որ իսլամական կրօնական արարողութիւնները կրնան կատարել միայն Ատրպէյճանի մէջ կրթութիւն ստացած քաղաքացիներ, կամ անոնք, որոնց արտասահմանեան կրթութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան հաւանութեան արժանացած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փակած են շարք մը մզկիթներ եւ աղօթատեղիներ:

«2011ի Դեկտեմբեր 31ի տուեալներով՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած են 570 կրօնական համայնքներ, որոնցմէ 550ը՝ իսլամական», նշուած է տեղեկագիրին մէջ:

Նոյն տեղեկագիրով Թուրքիոյ տրամադրուած 13 էջերուն մէջ խստօրէն կը քննադատուի այդ երկիրէն ներս շարունակուող կրօնական ազատութիւններու ոտնահարումները:

«Աշխարհիկ պետութիւնը պահպանելու հիմնաւորումով, երկիրին մէջ միշտ սահմանափակումներ կը դրուին իսլամական, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական խումբերու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ, ուր կը քննադատուին յատկապէս կրօնական փոքրամասնութեանց դէմ դրուած արգելքները:

Տեղեկագիրը նաեւ կը դատապարտէ այն իրողութիւնը, որ Անգարա ոչ մէկ յատկանշական քայլի կը դիմէ՝ կրօնափոխ թուրքերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:

http://asbarez.com/arm/137443/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ