Թուրքիոյ դասագիրքերէն մասամբ կը վերցուին խտրական որակումները

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը չորեքշաբթի, օգոստոս 1ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան որոշումով՝ թրքական դասագիրքերէն վերցուած են հայերու, ասորիներու եւ փոքրամասնութիւններու դէմ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սերմանող որոշ բաժիններ եւ նկարագրականներ՝ տեղի տալով այդ կապակցութեամբ ներկայացուած բողոքներուն:

Նախարարութեան ներկայացուած էին զանազան բողոքներ, որոնց մէջ կը շեշտուէին, թէ դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած նիւթերը երեխաներու մօտ փոքրամասնութեանց նկատմամբ խտրականութիւն եւ ատելութիւն կը սերմանեն: Օրինակի համար, թրքական դպրոցներու 8րդ դասարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած աւարտական քննութեան հարցարանին մէջ, հայերը, ասորիները եւ յոյները բնորոշուած են իբրեւ դաւաճաններ: Փոքրամասնութիւնները նաեւ ներկայացուած էին իբրեւ «կռնակէն հարուածող ապստամբներ», «Եւրոպայի կամակատարներ», ինչպէս նաեւ նուաստացուցիչ այլ բացատրութիւններով:

http://asbarez.com/arm/137364/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ