Էրզրումի (Կարին-Ակունքի խմբ.) Ազիզիէ շրջանի Կեզ գիւղի հայկական եկեղեցին իբրեւ ախոռ կ’օգտագործուի. կը տեղեկացնէ թրքական Sondakika կայքը:
Եկեղեցին պարբերաբար գանձ որոնողներու թիրախին կը յայտնուի եւ յարձակումներու կ’ենթարկուի: Եկեղեցիէն գողցուած է հնարաւոր ամէն ինչ` մուտքի դուռէն մինչեւ սրբապատկերները:
Քաղաքացիները մտահոգութիւն յայտնած են՝ նահանգի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան՝ պատմական կառոյցը անուշադրութեան մատնելու համար:
«Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ եկեղեցին կառուցուած է հայերու կողմէ: Կառուցման յստակ տարեթիւը, սակայն, յայտնի չէ … եկեղեցւոյ պատերուն եւ առաստաղին որեւէ նկար կամ նշան չէ մնացած»,- կ’ահազանգեն քաղաքացիները:
http://tert.am/hy/news/2012/07/28/erzrum-church/?sw
Leave a Reply