Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր մեղադրած է Սուրիոյ իշխանութիւնները` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) զինեալներուն աջակցելու համար:
«Պաշար ալ Ասատը հինգ շրջան յանձնած է քիւրտերուն եւ անոնց տարածքային կառոյցներուն»,- յայտարարած է Էրտողանը:
Հարցին, թէ ի՞նչ պիտի ընէ Թուրքիան ատոր դէմ, Էրտողանը պատասխանած է, որ պիտի ընեն այն, ինչ որ ըրին Իրաքի մէջ:
Թուրքերը պարբերաբար կը ռմբակոծեն Հիւսիսային Իրաքի քրտական կայանները: Էրտողան նշած է, որ Անգարան կը դիմէ այդ քայլին` «անհրաժեշտութենէն մեկնելով»:
Գրեթէ միաժամանակ Սուրիոյ ընդդիմութեան քիւրտ ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ եթէ Թուրքիան իրենց ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերէ՝ իրենք պատրաստ են կռուելու Ասատի դէմ:
«Եթէ Թուրքիան մեզի զինուած աջակցութիւն ցոյց տայ, մենք` ե’ւ քիւրտերս, ե’ւ արաբները, կրնանք պայքարիլ ոչ միայն Ասատի վարչաձեւին, այլեւ՝ PKK-ի դէմ»,- յայտարարած է Սուրիոյ հիւսիսի ապստամբներու ղեկավարներէն Ուպետ Մուսան:
Ան նշած է, որ իր զինեալներուն անհրաժեշտ է զէնք ու զինամթերք: Մուսա խոստացած է նման աջակցութիւն ստանալու պարագային PKK-ն վերացնել Սուրիայէն:
«Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ուր տեղակայուած են անոնք եւ որ շրջանները կը վերահսկեն»,- ըսած է ան:
Leave a Reply