Վանի պատմական բերդը արօտավայրի վերածուած է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի շատ մը բնակավայրեր մինչեւ այսօր կը շարունակուին քանդուիլ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածի մը, Վանի հին  քաղաքն ու բերդը բնական արգելավայր ըլլալու փոխարէն, վերածուած են արօտավայրի:

Թրքական կայքը կը նշէ, որ պատմական Վանի բերդէն եւ ընդհանրապէս քաղաքէն շատ քիչ բան կանգուն մնացած է մինչ օրս, հակառակ այն իրողութեան, որ նշեալ տարածքները իշխանութեանց որոշումով կը համարուին արգելավայր: Հակառակ իրենց իսկ որոշումին, իշխանութիւնները այս տարածքները պահպանելու համար անհրաժեշտ միջոցառումներու չեն դիմեր: Բերդի տարածքը վերածուած է եղջերաւոր մեծ անասուններու համար արօտավայր:

Վանի բերդ այցելած զբօսաշրջիները, ականատես ըլլալով այս բոլորին, պահանջած են իշխանութիւններէն, որ պատմական այս տարածքը պահպանելու համար լուրջ քայլերու նախաձեռնէ:

http://asbarez.com/arm/136697/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ