115 տարիներէ ի վեր, ամէն տարի, 25 յուլիսին, հայ ժողովուրդը կը յիշէ Խանասորայ դաշտին մէջ տեղացած «կարկուտ»-ը: Կը յիշէ հայ բազուկի ուժին աննախընթաց իրագործումներէն մէկը, որ այդ օրերուն նոր թափ տուաւ հայկական յեղափոխութեան, Վանի յեղափոխական ընտրանիին բնաջնջման իբրեւ հետեւանք յառաջացած յուսալքումի ժամանակաշրջանէ մը ետք: Եւ վերջապէս, կը յիշէ բարոյական այս յաւերժական դասերը, զորս հայ ֆետայական շարժումը ժառանգ ձգեց սերունդէ սերունդ` հայ ազգային բարոյական արժէքային համակարգը հարստացնելով:
Բնականաբար, Խանասորի դաշտին մէջ տեղացած «կարկուտ»-ը պէտք չէ առնել իր բառացի իմաստով: Անիկա հայ ֆետայիին տեղացուցած «կարկուտ»-ն էր քիւրտ մազրիկ ցեղին վրայ, որ հիմնական դերակատարներէն մէկն էր 1896-ին: Շղթայազերծուած համիտեան ջարդերուն: Նպատակը մէկն էր` զօրաւոր պատգամ մը հասցնել օսմանեան կեդրոնական իշխանութիւններուն եւ անոնց դաշնակից քրտական ցեղախումբերուն, որոնք ահ ու սարսափ կը տարածէին Արեւմտահայաստանի գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ: Պատգամը հասաւ քիւրտ մազրիկ ցեղի տղամարդոց ի սպառ բնաջնջումով: Անոնք, որոնք իրենց արիւնալի դերակատարութիւնը ունեցած էին հակահայ ջարդերուն մէջ:
Բարոյական մեծ դաս է, զոր կու տան հայ ֆետայիները Խանասորի արշաւանքին ընթացքին` կիներուն, մանուկներուն դէմ երբեք ուժ պէտք չէ կիրարկել: «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ»: Այս բարոյական սկզբունքը իբրեւ նշանաբան առնելով` հայ ֆետայիները գրեցին ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկը: Ի՛նչ խօսք, որ բարոյական այս դասը ոչ միայն կիրարկելի է հայ ժողովուրդին մէջ, այլեւ` անկէ կրնան օգտուիլ նաեւ բոլոր ազգերը եւ մանաւանդ ազգային ազատագրական պայքար մղող հաւաքականութիւնները: Եթէ յեղափոխութիւններն ու ազգային ազատագրական պայքարները կորսնցնեն իրենց բարոյական դիմագիծը` տկարներուն նկատմամբ ուժ չկիրարկելու առումով, ապա կորսնցուցած կ՛ըլլան իրենց գոյատեւման հիմքերէն մէկը: Օրինակ, այս օրերուն յաճախ կը գտնենք շարժումներ, որոնք իրենք զիրենք «յեղափոխութիւն» կը կոչեն, բայց կ՛արդարացնեն կիներու, մանուկներու, տկար անձերու սպանութիւնը տեսակ-տեսակ պատճառաբանութիւններով, ատով իսկ կասկած յառաջացնելով մարդոց մօտ, որ արդեօք տուեալ շարժումը իրապէ՞ս արդարացի յեղափոխութիւն է: Այս իմաստով ալ, եթէ պիտի արժեւորենք Խանասորի արշաւանքը, կը տեսնենք, որ անիկա հայ ազգային ազատագրական պայքարի ամէնէն փայլուն էջերէն մէկն է, էջ մը, որ ցոյց կու տայ յեղափոխական աշխատանքին բարոյական վեհութիւնը:
Տարակուսանք թող չյառաջանայ, եթէ ըսենք, որ հայ ազգային ազատագրական պայքարի գործիչները յեղափոխութեան գաղափարին համար ապաշխարած անձեր էին: Անոնք աշխարհի բարիքներէն, անցողակի փառքերէն, աթոռի երազներէն իրենք զիրենք զրկելու առումով շատ բաներով կը նմանէին առաջին դարերու քրիստոնեաներուն` իրենց ինքնանուիրումի եւ ինքնազոհողութեան հասկացողութիւններով:
«Ով որ ձեզմէ առաջին է, վերջինը թող ըլլայ, իսկ ով որ վերջին է, առաջինը թող ըլլայ»: Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքը 100 առ հարիւր գործադրուած կը գտնենք, երբ կու գանք ուսումնասիրելու Խանասորի արշաւանքի ղեկավարման հոլովոյթը, եւ թէ` որո՛նք ստանձնեցին արշաւանքի ղեկավարումը: Մեծ հայդուկապետ Նիկոլ Դուման կրնար առարկել, ըսել, թէ ինք կ՛ուզէ դառնալ արշաւախումբի հիմնական պատասխանատուներէն, եթէ ոչ` հիմնական հրամանատարը: Բայց այդպէս չըրաւ: Ու չընելով` ցոյց տուաւ իր ծայրայեղ համեստութիւնը, աշխարհիկ փառքերէն հրաժարիլը, հակառակ անոր որ ե՛ւ արշաւանքի կազմակերպման, ե՛ւ անմիջական գործադրութեան ընթացքին ինք գլխաւոր դերակատարութիւն ունեցած էր: Թող որ այդ դերակատարութիւնը յիսնապետի հանգամանքով ըլլայ, միայն թէ յաջողի պատժական գործողութիւնը: Եւ գործողութիւնը բարոյական այս սկզբունքներուն եւ խորապատկերին վրայ անպայման որ պիտի յաջողէր:
Երրորդ հիմնական սկզբունքը յեղափոխական աշխատանքին մէջ կարգապահութեան սկզբունքն է, յեղափոխական կազմակերպութեան, այս պարագային` ՀՅ Դաշնակցութեան տուած որոշումը գործադրելն է, ինչպէս որ է, կանգ չառնելով որեւէ դժուարութեան եւ խոչընդոտի առջեւ: Այս սկզբունքն էր գլխաւորաբար, որ Խանասորի արշաւանքը դարձուց հայկական յեղափոխութեան սկզբնական ժամանակաշրջանի աննախընթաց նախաձեռնութիւններէն մէկը: Կուռ կարգապահութիւնը, յեղափոխական կազմակերպութեան հրահանգն ու որոշումները գործադրելու ինքնամոռաց նուիրումն ու վճռակամութիւնը ցոյց տուին, որ եթէ կայ կամքը, ուրեմն կարելի է նաեւ իրականացնել ազգային ամէնէն դժուարահաս ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:
Այսօր մենք 115 տարուան հեռաւորութենէն կը դիտենք ՀՅ Դաշնակցութեան ամէնէն յանդուգն ծրագիրներէն մէկուն` Խանասորի արշաւանքին գործադրութեան մանրամասնութիւնները: Խանասորայ վարդաններու, Իշխան Յովսէփ Արղութեաններու եւ Նիկոլ Դումաններու հայեացքները ուղղուած են իրերայաջորդ դաշնակցական սերունդներուն` ըսելու համար, որ իրենց նախանշած յեղափոխական աւանդներուն եւ սկզբունքներու հետեւիլը, անոնցմէ մնայուն դասեր քաղելը գրաւական է յառաջիկայ յաջողութիւններուն, մեծ նախաձեռնութիւններու իրագործումին:
Այսօր դարձեալ կը կատարենք ձեր տօնը, Խանասոր՛այ քաջեր: Եւ ամէն տարուան յուլիս 25-ին դարձեա՛լ պիտի կատարենք ձեր տօնը` հայ ազգի իղձերուն իրագործման նպատակով այդ դէպքէն ուղղութիւն ստանալու համար:
http://www.aztagdaily.com/archives/76631
Leave a Reply