ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ շաբաթ, յուլիս 21ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ հրատարակուած էր վերջին սուլթանական մզկիթներու մասին յօդուած մը, ուր յօդուածագիր Սեֆա Էօզքայա դիտել կու տայ, թէ Ապտուլհամիտ Բ. սուլթանը, ամենավերջին սուլթանական մզկիթը շինել տուած է իտալացի ճարտարապետ Սարգիս Պալեանին, 1885-1886 թուականներուն։
Այս սխալ լուրին դէմ այնպիսի բողոքներ տեղացին, որ «Հիւրրիյէթ» երեքշաբթի, յուլիս 24ին հրատարակած է ճշդում մը ու յայտնած, թէ Սարգիս Պալեան իտալացի չէր, այլ՝ հայ։
http://asbarez.com/arm/136648/
Leave a Reply