ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտ երեսփոխաններ Շաբաթ, Յուլիս 21ին Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեցին ազատ արձակելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը՝ դիտել տալով, որ քիւրտերուն եւ թրքական բանակին միջեւ գոյութիւն ունեցող 27ամեայ պայքարը պիտի չդադրի, այնքան ատեն որ Օչալան բանտարկուած կը մնայ: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երեսփոխանները ըսին, թէ տարիէ մը ի վեր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարը հանդիպում չէ ունեցած իր փաստաբաններուն հետ եւ չէ տեսած իր ընտանեկան պարագաները, ինչ որ կը վտանգէ անոր ապահովութիւնն ու առողջութիւնը:
Քիւրտ երեսփոխաններ Օչալանը ազատ արձակելու կոչ կ՛ընեն
•
Leave a Reply