Այվալըքի մէջ ոյժի ցուցադրութիւն

Պաշպուղ անուն անձը յարձակեցաւ եկեղեցին նորոգողներուն վրայ, անոնցմէ մէկուն մատը խածաւ ու փրցուց

Այվալըքի Ճունտա կղզիին մէջ Այա Նիքոլա եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքի ընթացքին գործաւորներուն վրայ յարձակեցաւ Հասան Պաշպուղ անուն անձը, որ երկար ժամանակէ ի վեր իբր «բանսիոն» կը բանեցնէր այդ եկեղեցիին յարակից սրահը։ Հասան Պաշպուղ յարձակեցաւ նորոգութեան պատասխանատուներէն Ճէլալ Քիւչիւքի վրայ ու խածնելով փրցուց անոր մատը։ Քիւչիւք հիւանդանոց փութաց, որպէսզի մատը տեղը կարուի վերստին։ Այս անսովոր միջադէպը արձագանգ գտած է «Միլլիյէթ»-ի կայքէջին վրայ։

Կղզիի Այա Նիքոլա եկեղեցին երկար ժամանակէ ի վեր աւերեալ վիճակ ունէր։ Յայտնի գործարար Րահմի Գօչ ստաձնեց եկեղեցին վերանորոգելու աշխատանքը։ Նորոգութենէն վերջ եկեղեցին պիտի վերածուէր թանգարանի։ Երեք ամիս առաջ վերանորոգութիւնը սկսաւ։ Արք Հաստատութիւնը, որ ստանձնեց վերանորոգութիւնը, համաձայնեցաւ Տքթ. Ճէլալ Քիւչիւքի հետ որ մինչեւ այսօր յաջող գործ տեսած է Զէուկմայի յախճապակիները մաքրելու կամ Զէյրէքի մզկիթը նորոգելու աշխատանքով։ Բայց Հասան Պաշպուղ, որ 12 տարիէ ի վեր եկեղեցիին յարակից սրահը «Զէհրա Մօրաքոյրին Փանսիոնը» անուան տակ կը բանեցնէր, բնաւ գոհ չմնաց այս կարգադրութենէն եւ սկսաւ դէմ գալ եկեղեցիին նորոգութեան։ Երեք ամիս առաջ ան ծեծած էր ապրանք բերող բեռնակառքի մը շարժավարը։ Նոյն վերաբերումը ցոյց տուաւ Քիւչիւքին նկատմամբ եւ ըսաւ. «Հոսկէ հեռացիր, թէ ոչ Այվալըքը շատ նեղ կուգայ քեզի»։ Քիւչիւքն ալ պատասխանեց. «Դուն ո՞վ ես, դուրս ելիր հոսկէ»։ Այն ատեն Պաշպուղ ցոյց տուաւ, թէ ով էր. յարձակեցաւ Քիւչիւքին վրայ։ Հակառակ որ ոստիկանները եկան ու իբրեւ թէ պաշտպանութեան տակ առին Քիւչիւքը, Պաշպուղ կրկին յարձակեցաւ` մետաղեայ խողովակով մը զարնելով Քիւչիւքին գլխուն, ապա խածաւ անոր մատը։ Քիւչիւք իր գլուխը պաշտպանելու ընթացքին չկցաւ պաշտպանել իր մատը։ Մատը փրթաւ։ Անմիջապէս մատը փաթթեցին սառի մէջ ու հիւանդանոց փութացին, որպէսզի մատը տեղը կարուի։ 3,5 ժամ տեւող գործողութեամբ մը մատը տեղը կարուցեաւ։ Ոստիկանները հարցաքննութիւն կատարելէ վերջ ազատ արձակեցին Պաշպուղը։

Հաղորդուեցաւ, որ Պաշպուղ ասկէ առաջ ալ փաստաբանի մը երեսը խածած էր ու քսան ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած էր։ Պատիժը յետաձգուած էր։ Յայտնի է, որ այս անձը բոլորը վախցուցած է, քանի որ յարձակման ընթացքին հոն գտնուող տասը գործաւորներէն ոեւէ մէկը չէ ընդունած վկայութիւն բերել անոր դէմ։ Ըսուեցաւ, որ Պաշպուղ աւերակեալ եկեղեցին կ՚օգտագործէր գաղտնաբար, Յունաստանէն եկած խումբերուն կ՚արտօնէր, որ գաղտնի արարողութիւններ ընեն հոն, ու խոշոր գումարներ կը գանձէր անոնցմէ։ Այա Նիքոլա եկեղեցիին նորոգութիւնը պիտի խանգարէ անոր գործը, այդ պատճառաւ է որ այդքան կատաղօրէն դէմ կուգայ եկեղեցւոյ նորոգութեան, ըսին տեղացիները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ