ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան, մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն գծով Թուրքիոյ արտաքին գործող նախարարութեան կատարած յայտարարութիւնը, ըսած է. «Իր երկրում հայերի Ցեղասպանութեան իրականացումը ժխտող Թուրքիայի իշխանութիւնները որեւէ բարոյական իրաւունք չունեն դասեր տալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեանը՝ այն էլ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի որոշումների եւ ԵԱՀԿի սկզբունքների կեղծ մեկնաբանութեամբ»:
«Նմանատիպ դասեր տալու իր այդքան բուռն ցանկութիւնը Թուրքիան կարող է բաւարարել՝ ինքն իրեն յորդորելով ընտրութիւններ չկազմակերպել եւ օքուփացիոն զօրքերը դուրս բերել Կիպրոսի հիւսիսային մասից»,-նշած է Քոչարեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը նշած է, որ եթէ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի շահերով առաջնորդուիլը կեղծ չէ, ապա յարմար առիթ է, որ Թուրքիա Ատրպէյճանին առաջնորդէ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կազմակերպել եւ ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած պետութիւն կառուցել՝ դասեր քաղելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն:
Leave a Reply