Յայտնի թուրք մտաւորական ու Պէլկէ հրատարակչատան սեփականատէր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Րակըպ Զարաքօլու, ամերիկաբնակ թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամի հետ միասին «Տարւոյն Մարդը» հռչակուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ Վարդանանց ասպետներ հայկական կազմակերպութեան կողմէ։ Զարաքօլու տակաւին շարունակուող դատի հետեւանքով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիսութեան, ուր զինքը ներկայացուցին անոր որդին` Ճէյմս Շէրէֆ եւ խօսեցեալը` Աննա Թումանսքի։ Զարաքօլուի որդին հոն կարդաց նաեւ իր հօրը պատգամը՝ թրքերէն լեզուով։
Հակառակ որ մէկ օր վերջ սրտի բաց գործողութեան մը պիտի ենթարկուէր, Վարդանանց Ասպետներու կարկառուն վարիչներէն Փրօֆ. Տէնիս Փափազեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան։ Հանդիսութեան կը նախագահէր Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Վարդանանց Ասպետները կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1916ին ու այս կազմակերպութիւնը այսօր վարժարաններ կը կառուցանէ Հայաստանի աղքատիկ գիւղերուն մէջ։ Կազմակերպութիւնը Ամերիկայի մէջ ունի մեծ թիւով մասնաճիւղեր։
Րակըպ Զարաքօլուի պատգամը
Զարաքօլու իր որդւոյն կողմէ կարդացուած իր պատգամին մէջ ցաւ յայտնեց, որ չէ կրցած ներկայ գտնուիլ ու ըսաւ,, որ ի~նչ մեղք որ իր սիրելի երկրին մէջ տակաւին կը շարունակուին 1915-ի ցեղասպանութեան ուրացումի կամ մաքրագործումի քաղաքականութիւնները։ Կը գործադրուի ոչնչացման քաղաքականութիւն մը, որ նախորդ շրջաններու հերոսները աւելի վերջ զոհ կը դարձնէ։ Բոլորին ալ կարգը կուգայ օր մը, զուլում ընողն ու զուլում տեսնողը տեղ կը փոխեն, ոճրագործը անմեղ կը հռչակուի, ամբաստանեալը օր մըն ալ կը բազմի դատախազի աթոռին վրայ։
Զարաքօլու դիտել տուաւ, որ Թուրքիա օսմանցիներէն ասդին շարունակ յեղաշրջումներու եւ ժողովրդավարացման գործընթացի քայլեր կ՚առնէ, բայց այս բոլորը յուսախաբութիւն կը ստեղծեն, որովհետեւ մտայնութիւնը միշտ նոյնը կը մնայ։
Զարաքօլու պատմեց թէ անցեալի մէջ ինչպիսի գործակցութիւն մը ունեցած Թանէր Աքչամի հետ, որուն հետ հիմա կը բաժնէ Տարւոյն Մարդը հռչակուելու պատիւը։ Նշեց Փրօֆ. Տօքթ. Թանէր Աքչամին հրատարակած գիրքերը Հայոց ցեղասպանութեան ու 1915-ի պատահարներուն կապակցութեամբ, ըսաւ, որ Աքչամ միշտ նախընտրեց իր աշխատանքը հիմնաւորել թրքական արխիւներու վրայ, որովհետեւ կը տեսնէր, որ թրքական կողմէ ինչպէս անվաւեր կը նկատէր ու կրակ կը ժայթքէր օտար աղբիւրներու վրայ, ինչպիսին էին Մորկէնթաուի գիրքը, կամ անգլիացիներու Կապոյտ Գիրքը, կամ Անտոնեանի փաստաթուղթերը։ Բայց ի~նչ մեղք, որ ան չկրցաւ աւելի երկար մնալ Թուրքիոյ մէջ ու ստիպուեցաւ իր աշխատանքը շարունակել Ամերիկայի մէջ։ Աքչամ գործակցութիւն հաստատեց նաեւ հայ նշանաւոր պատմաբան Վահագն Տատրեանի հետ, ու այս գործակցութիւնը շարունակուեցաւ ակադեմական մակարդակի վրայ։
Զարաքօլու յայտնեց, որ ինք ներկայիս կը պատրաստէ գիրք մը, որուն խորագիրն է «20 տարի վերջ Հայկական թապուն – Թէրնոն-Զարաքօլու դատավարութիւնը»։
Զարաքօլու ցաւ յայտնեց, որ հակառակ որ ամբողջ Անատոլուի մէջ այլեւս կը գործէ անհամար համլսարաններու ցանց մը, տակաւին չէ հիմնուած ցեղասպանութեան հետազօտման էնսթիթիւ մը։
Այսօր Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի ցեղասպանութեան ուրացումի ճարտարարուեստ մը, բայց հակառակ ատոր` այլեւս չկայ 15 տարի առաջուան լռութիւնը, այսօր կարելի կ՚ըլլայ գումարել 24 Ապրիլի ժողովներ եւ Հայկական ցեղասպանութեան հարցը դարձած է Մարդու իրաւունքներու գրականութեան հիմնական հարցերէն մէկը։ Այսօր պարկեշտ եւ ուղղամիտ անձեր, որքան ալ ցած ըլլայ անոնց թիւը, աշխատանք կը տանին, որպէսզի ճշմարտութիւնը սորվին ու երեւան հանեն։
Զարաքօլու իր պատգամի վերջաւորութեան ըսաւ, որ ճշմարտութիւնը յայտնաբերելու այս երկար քայլարշաւը կը շարունակուի:
Leave a Reply