Թուրքիոյ կրօնասէրները լուծում պէտք է գտնեն 1915-ի հարցով բացուած վէրքին

Պէտք է տեսնել, թէ ինչպիսի զուգահեռականութիւն մը կայ  100 տարի առաջուան պատահարներուն ու պետութեան այսօրուան որոշումներուն միջեւ

Համացանցի վրայ հրատարակուած է Էօմէր Ֆարուք Կէրկէրլիօղլուի ստորագրութեամբ յօդուած մը, որ կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ բազմաթիւ հարցերուն, անոնց մէջ կը փնտռէ Վէլի Քիւչիւքներու նման քաղաքական մարդոց պատասխանատուութիւնը, ապա խօսքը կը կապէ 1915-ի պատահարներուն ու կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ բոլոր այս հարցերուն լուծումը դրուած է Թուրքիոյ կրօնասէր ու հաւատացեալ մարդոց ուսերուն վրայ։

Քրտական հարցի մէջ, 28 փետրուարի հարցին մէջ կամ 12 սեպտեմբերի հարցին մէջ երկրին վարիչները հանրապետութեան հիմնումէն մինչեւ այսօր միշտ դէպքերուն նայեցան` առանց հանելու իրենց ձիու ակնոցը։ Իսլամական շրջանակներն ալ բան մը չկրցան ընել, ու հիմա անոնք անձկութեամբ կը նային նաեւ 1915-ի պատահարներուն։

Սա օրերուն, երբ կը մօտենայ 1915-ի հարիւրամեակը, անհանգստութիւն մը կայ իսլամական շրջանակներու մօտ։ Պետութիւնը կը մտածէր, որ հայերը, որոնց թիւը արդէն շատ նուազած էր, պիտի չմեծցնէին այս հարցը, բայց սփիւռքահայերուն ալ ճիգերով այս հարցը աշխարհին խորհրդարաններուն մէջ օրակարգի բերուեցաւ, որոշումներ ընդունուեցան։ Մեր մօտ ալ այս հարցը հանրային կարծիքին մօտ արթնցաւ ԱՍԱԼԱ-ի միլիթաններուն ոճիրներով։ Ինչպէս բազմաթիւ հարցերու, նոյնպէս այս հարցին մէջ նախ` ըսուեցաւ, որ բան մը չէ պատահած, ապա `կամաց-կամաց հասանք այն կէտին, ուր ըսուեցաւ, որ կարգ մը դէպքեր պատահած են, պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմենք։ Մինչդեռ տեղահանութեան հարցի լուծման համար ամէնէն առաջ անհրաժեշտ է հայերու ցաւը զգալ մորթի վրայ եւ հարցը լուծելու անկեղծ փափաքն ունենալ։ Թորքիոյ հաւատացեալ մարդիկը հիմա դարձեալ հոս է, որ քննութիւն մը պիտի տան։

Շրջանի իթթիհատականները, գլխաւորութեամբ երեք փաշաներու կազմած հրոսախումբի, ընտրեցին ամէնէն զարտուղի որոշումը տեղահանութեան մասին եւ երկրէն վտարեցին հարիւր հազարաւոր մարդիկ։ Ասիկա բացած է շատ խորունկ վէրք մը։ Պետութիւնը, եթէ իրաւական պետութիւն էր, ժողովուրդներու ու հրոսախումբերու միջեւ պատահած սպանդներուն լուծում մը գտած ըլլալու էր։

Իթթիհատականներու կազմած պետութիւնը խելայեղ լուծումը ընտրեց ու կարծեց, որ հարցը պիտի լուծէ` հայերը այս երկրէն վտարելով։ Բայց հիմա ահաւասիկ մեր դիմաց է հարց մը, որ օրէ օր կը հսկայանայ, եւ հիմա իսլամ շրջանակի պարտականութիւնն է` ժողովուրդներու այս հասարակաց ցաւը լուծել` առանց սպասելու, որ հարիւր տարի մը եւս անցնի։ Եթէ այս երկիրը իթթիհատականներու այսօրուան ներկայացուցիչը հանդիսացող Վէլի Քիւչիւքէն ճամբէն գացած ըլլար, երկիրը արեան լիճի պիտի վերածուէր։ Վէլի Քիւչիւք այն անձն է, որ Կիրէսունի մէջ Թոփալ Օսմանին արձանը տնկած է։ Յայտնի է, թէ որոնք են հարիւր տարի առաջուանին ժառանգորդները։

Տեղահանութեան պատասխանատուները կամ երկրէն խոյս տուին, կամ ձեւը գտան ու ազատեցան երկրի դատարաններէն ու պետութեան նախարար ալ դարձան։ Այսպիսիներու կողմէ հիմնուած պետութիւն մը ինչո՞ւ հարցաքննութիւն բանայ տեղահանութեան մասին։ Բայց թուրք ժողովուրդն է, որ վճարեց հաշուեցուցակը։

Հարցը պէտք է դուրս բերել «ցեղասպանութիւն եղած է, կամ չէ եղած»ի բանավէճէն ու պէտք է հարց տալ, թէ ո՞ւր սխալ գործեցինք, եւ ո՞րն է, որ ճիշդ է ասկէ վերջ։ Հայկական հարցի մէջ արդար դիրքորոշում մը ընդգրկելը ցոյց տայ թէ իրականութեան մէջ մեր վախերը անտեղի են։ Կը բաւէ, որ խօսինք եւ տեսնենք, թէ ինչպիսի զուգահեռականութիւն մը կայ հարիւր տարի առաջ պատահածներուն ու այսօրուան պետական որոշումներուն միջեւ։ Բայց այսքանով ալ պէտք չէ գոհանանք ու լուծման համար անկեղծ աշխատանք մը տանելու ենք։ Ասիկա մեզի համար առաջնակարգ պարտականութիւն պէտք է նկատենք։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ