Դոկտ. Արտա Էքմեքճի «Դէպի Գողգոթա» հատորը պիտի ներկայացնէ Կլենտէյլի մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, յուլիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ «Դէպի Գողգոթա» («Towards Golgotha») հատորին ներկայացումը:

Հատորը պիտի ներկայացնէ զայն անգլերէնի թարգմանած դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճին: Հատորը պատմութիւնն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Արտայի մեծ հօր՝ Յակոբ Արսէնեանի:

Դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճի հնագիտութեան պատմութեան ճիւղի մէջ մագիստրոսի վկայական ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, իսկ հնագիտութեան մէջ իր դոկտորան՝ Փարիզի համալսարանէն: Ան ներկայիս Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի Արուեստներու եւ գիտութեանց բաժանմունքի վարիչն է ու նախաձեռնած է ուսումնասիրութեան մը, որ կը վերաբերի հայ կնոջ դերակատարութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրելու գործընթացին մէջ: 2004ին, ան Լիբանանի առաջին տիկինէն ստացած է կին մտաւորականներու շնորհուող շքանշանը, իսկ 2009ին՝ Լիբանանի ներքին նախարարութեան շքանշանը, ընտրութիւնները վերահսկելու իր աշխատանքին համար:

Դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճին պիտի ներկայացնէ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը, որ Յակոբ Արսէնեանի թոռան զաւակն է:

Ձեռնարկը կը հովանաւորեն «Ապրիլ» գրատունն ու Կլենտէյլի գրադարանի «Արուեստ եւ մշակոյ»չ բաժանմունքը:

Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով:

http://asbarez.com/arm/135863/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ