Թուրքիա իր կռնա՞կը կը դարձնէ Աթաթիւրքին

ՃԱՍԹԻՆ ՎԵԼԱ
«Եուրէյժիանեթ»

Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին կտակը տասնամեակներէ ի վեր ծառայած է իբրեւ երկրի ուղեցոյց: Սակայն աշխարհիկութեան դերակատարութեան շուրջը ընթացող քննարկումներու մթնոլորտին մէջ արդեօ՞ք Թուրքիա սկսած է հեռանալ Աթաթիւրքէն:

Վլատիմիր Լենինի կամ Ճորճ Ուաշինկթընի նման իբրեւ հերոս պաշտուած Աթաթիւրք, նոյնիսկ իր մահէն աւելի քան 70 տարի ետք, կը մնայ Թուրքիոյ առօրեային մէջ անխուսափելի առանձնայատկութիւնը (իր դիմանկարը` միշտ ներկայ, աչքերը` միշտ դիտող):

«Եթէ Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարներու շրջանակէն ոեւէ մէկը ուզէք հոլիվուտեան շարժանկարի մը մէջ պատկերել, մարմնաւորել, իսկապէս միայն Աթաթիւրքը կարելի է», ըսաւ Աթիլլա Եշիլատա, որ քաղաքական եւ տնտեսական խորհրդատու ընկերութեան մը Պոլսոյ գրասենեակին խորհրդատուն է, ինչպէս նաեւ` կառավարութիւնը յաճախ քննադատող մը:

Աթաթիւրք շարժումի մէջ դրաւ «մշակութային յեղափոխութիւն մը, որովհետեւ իսլամական աւանդութեան մէջ ինք արժէք չտեսաւ», ըսաւ Անտրիւ Մանկօ` «Աթաթիւրք. կենսագրութիւնը ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիրին» գիրքին հեղինակը:

Բայց իսլամական արմատներ ունեցող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ), որ 2002 թուականէն Թուրքիան կը կառավարէ, բեւեռային հակառակ տեսակէտը ունի` վերատեսութեան ենթարկելով Թուրքիոյ յարաբերութիւնը քեմալականութեան հետ, որ Աթաթիւրքի արմատական աշխարհիկ գաղափարախօսութիւնն է:

«Ես կը կարծեմ, որ մշակութային պատերազմ մը տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Մուսթաֆա Աքեոլ` «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հանրածանօթ յօդուածագիրը:

ԱԲԿ-ի իշխանութեան ներքեւ իսլամական կազմակերպութիւնները բաւարար ինքնավստահութիւն եւ համարձակութիւն ունեցան բողոքի ցոյցեր կայացնելու` ընդդէմ «Մեր երդման», ազգային խոստում մը` հաւատարմութեան, որ կը հաստատէ, կը յայտարարէ Թուրքիոյ աշխարհիկ ինքնութիւնը եւ կը փառաւորէ «թրքութիւնը», միաժամանակ չճանչնալով Թուրքիոյ մէջ բնակող ցեղային այլ խումբեր:

Քաղաքական ուժը զինուորականութեան, որ աւանդաբար ինքզինք իբրեւ քեմալականութեան պահապանը տեսաւ, մաշած է: Այս տարի, ԱԲԿ զանց առաւ, աննկատ ձգեց հրասայլերով եւ զօրքերով շքերթը, զօրահանդէսը, որ սովորաբար կը նշէր 19 մայիսի տօնակատարութիւնները` 1919-1923-ի Անկախութեան պատերազմին, հակամարտութիւն մը, որ Աթաթիւրք կատաղաբար կը ղեկավարէր, եւ որ առաջնորդեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման, 1923 թուականին, բանակի սպային եւ անոր կողմնակիցներուն ջանքերով:

Էրտողան ազգային տօնը բնութագրեց իբրեւ` «այժմ խորհրդանիշ մը փոփոխութեան եւ փոխանցումի», քան` միջոցառում մը, որ մարդոց կը յիշեցնէ «երկաթեայ վարագոյրի երկիրները»:

Թուրքիոյ տնտեսութեան ազատականացումը, որ սկսաւ 1980-ականներուն եւ շարունակուեցաւ ԱԲԿ-ի հետ, այլ քայլ մըն է հեռանալու Աթաթիւրքէն, որ կը հաւատար, թէ պետութիւնը տնտեսութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն պէտք է ունենայ:

Ուրիշներ, սակայն, կը վախնան, որ քեմալականութենէ հեռացումի Թուրքիոյ շարժումին առաւել վնասակար ազդեցութիւնը կորուստն է խստօրէն աշխարհիկ պետութեան: Վերջերս ընդունուած օրինագիծ մը առիթ կ՛ընձեռէ աշակերտներուն` ստանալու կրօնական դաստիարակութիւն, երբ անոնք բոլորեն 10 տարեկանը, եւ ծնողներուն` իրենց դուստրերը տնային դպրոցներով կրթելու, որ կրնայ նուազեցնող ազդեցութիւն ունենալ կիներու ուսումնական մակարդակին վրայ:

Այլ խնդիր մըն է վիժումը, զոր Թուրքիոյ զինուորական վարչակարգը 1983-ին օրինականացուցած էր, բայց ներկայիս կը դիմակալէ հաւանական արգելք մը` քաջալերութեամբը վարչապետին, որ բոլոր թուրքերուն կոչ ըրած է առնուազն 3 երեխայ ունենալ: Եշիլատա «Կարմիր գիծ» մը անուանեց այս վէճը, որ կը նկատուի իբրեւ ԱԲԿ-ի խորհրդանիշ մը` քեմալականներու արդիականութեան դատողութիւնը շրջող:

Այնուհանդերձ, իշխանութեան ոճի որոշ նմանութիւններ գոյութիւն ունին Աթաթիւրքի եւ ԱԲԿ-ի միջեւ: Աթաթիւրք, որ քննադատները ուրախութեամբ չէ ընդունած, փորձած է Թուրքիան արդիականացնել «բռնի»` անհրաժեշտութեան պարագային», կը նշէ Եշիլատա: Նմանապէս, բազմաթիւ դէտեր մտավախութիւն ունին, որ բազմատասնեակ լրագրողներու, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ քիւրտ գործիչներու վերջին ձերբակալութիւնները ցոյց կու տան, որ Էրտողան, իշխանութիւնը հաստատելով, իր բարեփոխումներուն հակառակորդներուն հանդէպ քիչ հանդուրժողականութիւն ունի:

Սակայն յօդուածագիր Աքեոլ կը պնդէ, թէ ի վերջոյ անխուսափելի է, որ Թուրքիա, իբրեւ ժողովրդավարական երկիր մը, փորձէ վերատեսութեան ենթարկել, վերասահմանել իր յարաբերութիւնը Աթաթիւրքի եւ քեմալականութեան հետ:

«Աթաթիւրքի աւանդը… ժողովրդավարական չէ: Եւ նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան միանալու Թուրքիոյ ջանքերը դէմ են Աթաթիւրքի, որ ընդունած, պաշտպանած է միջազգային ինքնամեկուսացման քաղաքականութիւնը, ազգայնական համոզումները», ըսաւ ան:

Բայց, մինչ Թուրքիա այդ կտակը կը սկսի քննարկել, Աթաթիւրքի ուղղակի, հրապարակային քննադատութիւնը (նոյնիսկ աշխարհիկութեան անոր համոզումները չհաւնող իսլամականներու շարքերուն մէջ) տակաւին սակաւադէպ կը մնայ:

Պատճառը այն է, որ «Աթաթիւրքը նախատելը, վիրաւորելը» Թուրքիոյ մէջ յանցանք, ոճիր է: Նախկին ղեկավարը իբրեւ «բռնատէր»-ի մը նկարագրելէ ետք, թուրք լրագրողներ Նակեհան Ալճի եւ Ահմեթ Ալթան դատական հետապնդումի ենթարկուեցան «Աթաթիւրքը նախատելու» համար, յանցանք մը, որ պատժելի է 6 տարուան բանտարկութեամբ: Դատավարութիւնները կը շարունակուին:

Աքեոլ նաեւ կը պնդէ, որ ինք քննադատութիւններու թիրախ դարձած է, երբ Թուրքիոյ «Սթար» օրաթերթին մէջ այս տարեսկիզբին գրած է յօդուած մը` առաջարկելով, որ «Մեր երդումը» խոստումը, գրուած` 1933-ին, պէտք է մտածուի վերացնել դպրոցներէն, որովհետեւ ատիկա ունի «ցեղապաշտական երանգներ»:

Քեմալականութեան տեղը ի՞նչ բան պիտի առնէ, տակաւին անորոշ է: Բայց Աթաթիւրքի կենսագիր Մանկօ կը նշէ, որ քեմալականութեան նկատմամբ կրօնական եւ աշխարհիկ թուրքերու բախումը կրնայ անցումային հանգրուան մը դուրս գալ:

«Բազմաթիւ նուիրեալ, բարեպաշտ իսլամներ ուսման, գիտելիքներու համար Արեւմուտք կը դիմեն, ինչպէս որ Աթաթիւրք ըրաւ: Ի վերջոյ, ինչպէս միւս երկիրները, որոնք դիմակալեցին փիլիսոփայական բաժանումներ, փոխզիջումը կրնայ վերջնականապէս նկատուիլ ամէնէն ձեռնտու, նպաստաւոր տարբերակը, երկու կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու` հետեւելու Աթաթիւրքի ուղիին», ըսաւ ան:

http://www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ