Պայծառակերպութիւն Տեարն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի կամ Վարդավառ

Ըստ Հայոց Եկեղեցական տօնացոյցի, պայծառկերպութեան տօնը կամ Վարդավառը այս տարի կը նշենք 15 յուլիս 2012, կիրակի օր: Ըստ լեզուաբաններու` վարդավառ բառը պարսկական ծագում ունի, կը նշանակէ ջուր-(վարդ)-սրսկել-ցանել-(վառ): Որոշ հեղինակներու կարծիքով -<կրակավառ>-,-<հրավառ>- կը նշանակէ:
Պայծառակերպութեան տօնը Հայոց եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մին է, որը հեթանոսական հին շրջաններուն տօնուէր է հայոց տօմարի Նավասարդ ամսի առաջին օրը, այսինքն օգօստոս 11 ին: Աւելի վերջ Քրիստոնէական եկեղեցին վարդավառը յայտարարել է թափոր լեռան վրայ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան երեւոյթին նուիրուած տօն: Պայծառակերպութիւն կը նշանակէ պայծառ կերպարանք, պայծառ տեսք ունենալ: Հայոց եկեղեցին այս տօնը կ’անուանէ նաեւ «Այլակերպութեան Տօն»: Գրիգոր Տաթեւացի այս մասին կը գրէ հետեւեալը. «Եւ ինչպէս~ վարդը բացուելով կը յայտնուի ու կ’երեւի, այնպէս ալ Տէրն ալ այսօր պայծառակերպուելով կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը»:
Ըստ աւանդութիւններու, կան շատ հաւատացեալ հայեր, որոնք կը հաւատան թէ, Վարդավառի օրով գիշերը սուրբերու վրայ լոյս կ’իջնէ, անոնք, որոնք կը տեսնեն այդ լոյսը, կը կատարուի անոնց նուիրական ցանկութիւնները:
Վարդավառը հայոց հնագոյն տօներէն մին է, այս պատճառաւ ալ հեթանոսական շրջանէն մնացած իրարու վրայ ջուր սրսկել, աղաւնի թռցնել, տօնի վերաբերեալ կարգ մը սովորութիւններ պահպանուած են:
Հին ժամանակներուն Վարդավառը կը տօնուէր զանազան ջրային խաղերով, աւանդական ու ժողովրդական երգերով ու պարերով, մարդիկ իրարու կը նուիրէին վարդեր, սիրահար երտասարդներ աղաւնիներ կը թռցնէին, ու եթէ աղաւնիները երեք անգամ իր սիրած աղջիկան տան վրայ պտտէին, նոյն աշնան այդ երտասարդներու միջեւ կը կատարուէր հասնախօսութիւն.
Կան շատ հետազօտներ, որոնք Վարդավառը կը կապեն ի յիշատակ Արարատ լեռան վրայ յայտնուած Նոյան Տապանի հետ, ըստ որոշ գիտնականերու կողմէ ալ կը կապուի Ջրհեղեղի եւ Նոյի Տապանէն Իջնելու Պահին հետ, ըստ անոնց, երբ որ Նոյ Հայրապետի ուղարկած աղաւնին վերադարձաւ` իր կտուցին մէջ ձիթէնիի ճիւղ մը բերելով, տեսնելով այդ ճիւղը` Նոյ հասկցաւ, որ ջրհեղեղի ջուրերը աստիճանաբար ցածի իջած է, ու իր որդիներուն պատուիրեց, որ տարին մէկ անգամ իրարու ջուր թափեն , որպէսզի չմոռնան ջրհեղեղը:
Հեթանոսական շրջանին հայոց սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհին Աստղիկն էր, ան ունէր Վահագն անունով սիրահար մը, ըստ աւանդութեան ստորգետնեայ աստուածը կը գողնայ Աստղիկը իր ընտանիքէն, Աստղիկի սիրեցեալ Վահագն, յաղթելով Վիշապին, կ’ազատէ Աստղիկը եւ յաղթանակի մեծ ուրախութիւնով կը շրջի Արարատեան դաշտը ու մարդոց կը սրսկէ վարդաջուր, անոնց կը նուիրէ նաեւ կարմիր վարդեր: Ժողովուրդի լայն շրջանակներու կողմէ այս եղելութիւնը կը կապուի նաեւ Վարդավառի աւանդութեան հետ: Վարդավառի տօնին կը կատարուէին նաեւ դէպի նշանաւոր լեռներու սրբավայրեր ու ջուրերու ակունքներ ուխտագնացութիւններ, որոնցմէ Մշոյ Սուրբ Կարապէտ Վանքի այդ ուխտագնացութիւններու նշանաւորներէն մին է:
Վարդավառի տօնին տարեցները մատաղացուի համար հանգանակութիւններ կը հաւաքէին, այս մատաղի հիմնական նպատակը, դաշտերը չորութիւնէ եւ այլ զանազան աղէտներ պաշտպանել էր, իսկ երիտասարդներն ալ բոցավառ փայտակոյտներ կը վառէին ու կրակի շուրջ խմբապարով, երգերով, խաղերով կը դիմաւորէին լուսաբացը:
Ըստ աւանդութեան` ինչպէս որ առաջին խաղողն խաղողօրհնեքին կուտենք, նոյնպէս ալ հին ժամանկանին, մինչեւ Վարդավառ խնձոր չէր ուտուէր.
15 յուլիս 2012, կիրակի օր համայն հայ աշխարհը կը նշէ Պայծառակերպութեան տօնը կամ Վարդավառ` եկեղեցական ու աշխարհիկ բացառիկ արարողութիւներով, հանդէսներով եւ զանազան տօնակատարութիւններով.
Այս առիթով սրտագին շնորհաւորանքներ մեր բոլոր Վարդուհի, Վարդ, Վարդավառ,Վարդանոյշ, Վարդենի, Վարդերես, Վարդիթեր,Վարսենիկ, Լուսվարդ, Պայծառ, Ռօզա,Սիրվարդ,Վարդգէս,Նուարդ անուններու անուանակոչութեան տօնին.

Օգտագործուած Ակեր:
Հայ Ժողովուրդական Տոներ/Հրանուշ Խառատյան
Հայ Եկեղեցւոյ Տոները/Արտակ Արք.Մանուկեան
Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան Դասգիրք.

Տօքթ.Սարգիս Ատամ
http://hyetert.blogspot.com/2012/07/vartavar.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ