Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովը իր ընթացքը կը գտնէ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, աւելի քան տարի մը առաջ Արամ Ա կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութեան նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը: Մեկնելով արեւմտահայերէնի դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններէն, համագումարը առաջարկեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նախաձեռնէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի մը յառաջացման կամ կաճառի մը ստեղծման:

Անցնող ամիսներուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ համայնքապետերու, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական կառոյցներու ու հայագէտներու հետ, որպէսզի իմանայ անոնց տեսակէտը այս ուղղութեամբ: Կատարուած խորհդակցութիւններուն լոյսին տակ նշանակուեցաւ շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած յանձնաժողով մը` համասփիւռքեան տարողութեամբ: Յանձնաժողովին Լիբանանի անդամները երէկ առաւօտ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ ունեցան իրենց անդրանիկ նիստը, ուր վեհափառ հայրապետը ներկայացուց Յանձնաժողովի անդամներուն ամբողջական ցանկը, Յանձնաժողովի գործունէութեան իր պատկերացումը եւ ուղղեցոյցը: Յիշեալ ուղղեցոյցը պիտի ղրկուի Յանձնաժողովի բոլոր անդամներուն եւ իմանալէ ետք անոնց տեսակէտը, յառաջիկայ ամիս պիտի հրապարակուի ուղղեցոյցը, Յանձնաժողովի անդամներուն անունները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

http://asbarez.com/arm/135509/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ