Թուրքիան կ՛ընդունի Արարատին՝ Հայաստանին եւ հայութեան պատկանիլը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջերս կայացած Պոլսոյ գագաթնաժողովի ընթացքին մեծ շուքով նշուեցաւ  Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան հիմնադրութեան 20ամեակը: Այդ առթիւ ՍԾՏՀ քարտուղարութիւնը տպագրած էր «Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան երկու տասնամեակները. յաջողութիւնները, քաղած դասերը եւ հեռանկարներ ապագայի համար՝ ՍԾՏՀ գործընթացին մէջ» գրքոյկը:

Նախաբանին մէջ Թուրքիոյ նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը ընթերցողներուն յղած են իրենց ողջոյնի խօսքը եւ ոգեւորութեամբ արտայայտուած ՍԾՏՀի յաջողութիւններուն եւ անցած ուղիին մասին։ Այս գրքոյկը հաւանաբար որեւէ լուրջ ուշադրութեան չարժանանար, եթէ հոն գոյութիւն չունենար իւրայատուկ փաստ մը։ Ամէն մէկ երկրի նուիրուած տեղեկատուական փոքր հատուածին մէջ ներկայացուած է երկրին տարածքը, բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ լուսանկար մը։

Գրքոյկին մէջ Հայաստանին նուիրուած տեղեկատուական էջին մէջ տեղադրուած է Մասիս եւ Սիս լեռներուն լուսանկարը: Փաստօրէն, Թուրքիան կ՛ընդունի, որ պատմական Արարատ լեռը, որ թուրքերը խլած էին 1921ին՝ Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներով, կը պատկանի Հայաստանի եւ հայութեան։

http://asbarez.com/arm/135501/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ