«Անապատի ագռաւները՝ Լեւոն Եօթնախբարեանի յուշերը» գիրքի ներկայացումը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լուսանկարիչ Լեւոն Բարեան պիտի ներկայացնէ իր մեծ հօր` վերջերս հրատարակուած յուշերը՝ «Անապատի Ագռաւները՝ Լեւոն Եօթնախբարեանի Յուշերը» (Crows of the Desert: Memoirs of Levon Yotnakhparian), երեքշաբթի, 24 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, «Ապրիլ» գրախանութէն ներս՝ 415 E. Broadway in Glendale, CA:

Գիրքը կը պատմէ Լեւոն Եօթնախբարեանի յուշերը. երբ ան կը միանայ օսմանեան բանակին, ինքզինք կը գտնէ իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան դէմ յանդիման: Հազարաւոր անօգնական եւ որբացած հայերու օգնութեան հասնելու պայքարի պատմութիւնն է նաեւ վերոնշեալը:

Հարստացած պատկերներով, քարտէսներով եւ անգլիական ու արաբական բարձր հրամանատարութեանց վաւերագրութիւններով՝ սոյն պատմութիւնը կը կարդացուի նաեւ արկածախնդրութեան մը նման:

«Անապատի Ագռաւները՝ Լեւոն Եօթնախբարեանի Յուշերը» պիտի ներկայացնէ գիրքի խմբագիր, հեղինակին թոռը՝ Լեւոն Բարեանը:

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

http://asbarez.com/arm/135440/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ