Գերմանիոյ վարչապետը մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու պահանջը

ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Առցանց հարթակի վրայ պարզուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման պահանջը ամէնէն զանգուածայինն է. շուրջ 157 հազար գերմանացի ըսած է, թէ կը փափաքի, որ կառավարութիւնը ընդունի օրէնք մը, որով ապօրինի կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»ը:

Ըստ նոյն գործակալութեան՝ նման փորձ մը, զոր արդէն կատարած է Ֆրանսան, մեծապէս պիտի վնասէ Թուրքիոյ եւ իր առեւտրային կարեւոր գործընկեր Գերմանիոյ յարաբերութիւններուն, իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մերժած է նոյնիսկ քննարկել այդ պահանջը՝ քուէարկութեան մասնակիցներուն հետ:

Այդ պահանջին շուրջ քուէարկութիւնը կատարուած է Գերմանիոյ կառավարութեան «Երկխօսութիւն ապագայի վերաբերեալ» նախաձեռնութեան կողմէ, առցանց հարցախոյզի մը ծիրէն ներս, որ նպատակ ունի սովորական գերմանացիներուն կեանքը բարելաւել Գերմանիոյ մէջ:

«Ռոյթըրզ» կը շեշտէ, որ ծագումով (համայնավարական) Արեւելեան Գերմանիայէն Մերքել, ջերմօրէն արձագանգած է Գերմանիոյ քաղաքներուն մէջ ծառեր տնկելու առաջարկին՝ ի նշան երկու Գերմանիաներու վերամիաւորման:

Գերմանիոյ մէջ վերջերս ընդհանրացող երեւոյթ դարձած է համացանցի միջոցով քաղաքացիներ քաղաքական հարցերու մէջ ներգրաւելը:

http://asbarez.com/arm/135285

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ