Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ նախորդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն աւելի շատ կ’աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: Այս մասին ատրպէյճանական Salam News-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Թուրքիոյ իշխող Աարդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան անդամ Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Նոյն Օլանտի կուսակցութիւնը (Ֆրանսայի սոցիալիստական կուսակցութիւն) առաջարկած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին օրակարգ մտցնել այսպէս կոչուած «հայերու ցեղասպանութեան» ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը յունուար 24-ին կողմ քուէարկած էր օրինագիծի ընդունման:
«Օլանտ խոստացած է, որ կ’ընդունի այս օրինագիծը, եւ այժմ ան կը փորձէ իրականացնել զայն: Եւ այս տեսանկիւնէն ան առաւել վտանգաւոր է իր նախորդէն` Սարքոզիէն»,- ըսած է Չաւուշօղլու:
Ըստ անոր` այժմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին որեւէ որոշում ընդունելը սխալ կ’ըլլայ, քանի որ ան պիտի հակասէ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշման:
«Ֆրանսա պէտք է դադարեցնէ այս ամէնը ու պահպանէ Թուրքիոյ հետ կապերը: Հակառակ պարագային անիկա վատ կ’անդրադառնայ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու վրայ»,- ըսած է Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մէջ նոր էջ կը բացուի, եւ անհրաժեշտ է պահպանել զանոնք:
Leave a Reply