ՓԱՐԻԶ.- «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, որ կը նախատեսէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացնել: Ըստ ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքէանի` Հոլանտ անցեալ Շաբաթ առաւօտեան Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանին հեռաձայնելով ընդգծած է, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր տուած խոստումին:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը հաղորդէ, որ «Ֆրանսուա Հոլանտ փափաք յայտնած է դարձեալ նախապատրաստելու օրինագիծ մը, որուն ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը դատապարտուի», ինչպէս ան յայտարարած էր իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչները կը պատրաստուին այս հարցով հանդիպում ունենալ նախագահ Հոլանտի հետ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ այդ օրինագիծին դժուար, թէ «յարութիւն տրուի»՝ աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդը դարձեալ կրնայ մերժել զայն:
Սակայն, ըստ «Պի.Պի.Սի.»ի, Ֆրանսայի նախագահական պալատէն անցեալ շաբաթ օր յայտարարած են, որ Հոլանտ իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր դիրքորոշումը արտայայտած է եւ ատոր հաւատարիմ պիտի մնայ: «Մենք պէտք է գտնենք ուղի մը, որ նոր նախագիծին բնագիրը համապատասխան պիտի դարձնէ սահմանադրութեան»,-ըսած են նախագահական պալատէն:
ՀՅԴ Արեւմտէան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան Դիմատետրի ընկերային ցանցի իր էջին վրայ կը գրէ. «Ֆրանսայի նախագահը ինծի վստահեցուց, որ հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումներուն: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դրուի: Ան նաեւ վստահեցուց, որ չի հրաժարիր իր ստանձնած պարտաւորութիւններէն»:
Փափազեան նաեւ կը յայտնէ, որ յառաջիկային նախագահը պաշտօնապէս զիրենք պիտի ընդունի:
«Կառավարութեան քաղաքականութիւնը Հոլանտի քաղաքականութիւնն է եւ ոչ թէ Ֆապիւսինը: Հոլանտ երբեք մեզի չէ դաւաճանած, սակայն պէտք է արթուն եւ միասնական ըլլանք: Թուրքիա կրնայ արագ փոխել իր ոճը»,-կ’ընդգծէ Փափազեան:
Leave a Reply