Չիչէք բացայայտ խոստովանած է, որ հայերուն փոխհատուցելու բան ունինք. Թաներ Աքչամ

Թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ անդրադարձած է Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Քեմալ Չիչէքի յայտարարութեան` «հայկական ոսկիներուն տեղը բացայայտելու» մասին:

Չիչէք վերջերս հրապարակած իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ հայերը իրենց պատկանած 5 միլիոն թրքական ոսկին պէտք է պահանջեն ոչ թէ Թուրքիայէն, այլ անգլիական եւ գերմանական դրամատուներէն, քանի որ անոնք բռնագրաւած են այդ ոսկիները:
Աքչամ ի պատասխան յայտարարած է, որ Չիչէքի «աղմկայարոյց բացայայտում»ը ընդհանրապէս բացայայտում չէ: Ան տարօրինակ եւ անհիմն կը համարէ շատոնց յայտնի տեղեկութիւնը իբրեւ աղմկոտ նորութիւն մէջտեղ բերելը:
«Արդեօք այդ ժամանակ հայերէն բռնագրաւուած ոսկիները եւ գոյքը հայերուն վերադարձուա՞ծ է, թէ ոչ»,- հարցուցած է ան:
Ան Չիչէքի յօդուածը անլուրջ կը համարէ, քանի որ շատոնց եւ բազմիցս գրուած է այն մասին, որ Սթամպուլէն այդ գումարները Պեռլին փոխանցուած են:
«Չիչէքի այս խօսքերը, սակայն, կը վկայեն այն մասին, որ 1 միլիոն հայերու գոյքը բռնագրաւուած է եւ ատոր դիմաց պէտք է փոխհատուցում տալ: Հետեւաբար այդ կերպ ան հաստատած է, որ փոխհատուցման խնդիր կայ: Քեմալ Չիչէքին կրնանք ըսել` ընդունինք, որ այդ ոսկիները հայերուն կը պատկանին եւ զանոնք պէտք է վերադարձնել: Այդ պարագային ինչո՞ւ միայն անգլիացիներուն բռնագրաւած գումարը պէտք է վերադարձնենք: Արդեօք անհրաժեշտ չէ՞ ամբողջը փոխհատուցել: Ատիկա բացայայտ խոստովանութիւն էր, որ հայերուն փոխհատուցելու բան ունինք: Ատիկա նաեւ ապացոյց էր, որ մինչեւ հիմա հայերուն ոչինչ չենք տուած:Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը պաշտպանելու համար Չիչէք եւ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութիւնը սուտերով լուացած են մեր ուղեղը»,- ըսած է Աքչամ:
Քեմալ Չիչէք իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ հայերուն սեփականութեան վաճառքէն գոյացած գումարը` շուրջ 5 միլիոն օսմանեան ոսկի, որ ներկայիս հաշուարկով կը կազմէ 1 միլիառ 300 միլիոն ֆունտ, երիտթուրքերու պարագլուխները փոխանցած են անգլիական եւ գերմանական դրամատուներուն:
«Առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ անոր դաշնակից Գերմանիան պարտուած դուրս եկան, հայերուն ոսկիները փոխանցուած են պատերազմին յաղթած Անգլիոյ, Ֆրանսային` իբրեւ ռազմական տուգանք»,- գրած էր ան:
Չիչէք նաեւ կոչ ըրած էր յատկապէս փոխհատուցում պահանջող հայկական Սփիւռքին, որ այդ գումարը պահանջեն նոյնինքն Անգլիայէն:

http://tert.am/hy/news/2012/07/06/taner-akcham/?sw

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ