ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հապեր Իքս»ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութեանց գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Էնսար Օղութ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ բողոքած է Հայաստանի հետ սահմանակից Արտահան նահանգէն արտագաղթի հարցին կապակցութեամբ: Ան յայտարարած է, թէ Արտահանի Չըլտըր շրջանին մէջ բժիշկ չկայ, ուսուցիչ չկայ, փակուած է բանտը եւ բնակչութիւնը արագ թափով կ՛արտագաղթէ:
Ապա ան աւելցուցած է. «Արտահանի Չըլտըրը կը դատարկէք, որպէսզի մեր հողերը Հայաստանի՞ն տաք»:
Leave a Reply