ԱՄՆ պիտի նշէ Մեծ Բրիտանիոյ դէմ 1812-1814-ի պատերազմի 200-ամեակը` մասնաւորապէս առանձնացնելով «Քոնսթիթյուշըն» մարտանաւի դերը այդ պայքարին, որ սակայն մետաղէ ջարդոնի կը վերածուէր, եթէ չ’ըլլար հայ ներգաղթեալ մը։ Այս մասին կը յայտնէ Armenian Weekly-ն:
20-րդ դարու սկիզբը՝ պոսթընահայ Մովսէս Գիւլեսեան հանդէս եկաւ «Քոնսթիթյուշըն» («Սահմանադրութիւն». այդպէս անուանած էր Ճ. Ուաշինկթըն` ի պատիւ ԱՄՆ-ի սահմանադրութեան) նաւը փրկելու նախաձեռնութեամբ: Պատերազմի ընթացքին յայտնի դարձած էր նաեւ Old Ironsides («Երկաթակող ծերունի») անունով, քանի որ յաջողութեամբ հակադարձած էր բրիտանական նաւերէն արձակուած գնդակները:
Գիւլեսեան մարաշցի էր: 1883-ին առանց գումարի հասած էր Նիւ Եորք, ապա հաստատուած Պոսթըն, ուր սկսած էր պղնձագործական յաջող գործ մը: 1900-ին նահանգային իշխանութիւնները անոր յանձնարարած էին Նահանգի ժողովի շինութեան խորհրդանիշեր փայտեայ առիւծն ու միաեղջիւրը փոխարինել պղինձէ նմուշներով: Այսօր, սակայն, Գիւլեսեան աւելի յայտնի է «Քոնսթիթյուշըն» ռազմանաւը փրկելու իր գործով:
Ասիկա եղած է ԱՄՆ-ի Ռազմածովային ուժերու նաւարկութեան պատրաստուած առաջին նաւը եւ աշխարհի մէջ գործող հնագոյն առագաստանաւը: Մինչ օրս մաս կը կազմէ ամերիկեան նաւատորմին:
1905-ին Գիւլեսեան հետեւեալ հեռագիրը յղած էր Ռազմածովային Ուժերու քարտուղար Ճ. Պոնափարթին,- «10.000 տոլար կու տամ «Քոնսթիթյուշըն»ի` Old Ironsides-ի դիմաց: Կը վաճառէ՞ք»:
Առաջարկը տարածուած էր ամերիկեան թերթերու մէջ: Իսկ լրագրող մը կարծիք յայտնած էր, որ այդ նաւը կրնայ մտահոգութեան տեղ տալ Թուրքիոյ սուլթանին, եթէ հայու վաճառուի:
«Լաւ կատակ կ’ըլլար, եթէ անոնք հաւատային, որ հին մարտանաւը կրնայ գիշեր մը դուրս սողոսկիլ Պոսթընէն եւ Միջերկրական ծով նաւարկել` ռմբահարելու Թուրքիոյ որոշ անպաշտպան նաւահանգիստներ»,- պատասխանած էր Գիւլեսեան:
Գիւլեսեանի ջանքերուն սատարած էր ամերիկեան հասարակութիւնը: Երկրի ճակատագիրը վճռած նաւի փրկութեան գործին մէջ ունեցած դերին համար՝ Գիւլեսեան ընտրուեցաւ Old Ironsides-ի ընկերակցութեան նախագահ: Յետագային ան դարձաւ «Ամերիկեան յեղափոխութեան զաւակներ» ազգային ընկերակցութեան առաջին արտասահմանցի անդամը:
1812-1814 բրիտանա-ամերիկեան պատերազմը ամերիկացիները անուանեցին Անկախութեան երկրորդ պատերազմ, որ հաստատեց ԱՄՆ-ի կարգավիճակը` իբրեւ ինքնիշխան տէրութիւն:
http://tert.am/hy/news/2012/07/04/old-ironsides-gulesian/?sw
Leave a Reply