Զանա քրտական հարցի լուծման կապակցութեամբ ակնկալութիւնները կը փոխանցէ Էրտողանին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիարպեքիրէն քիւրտ երեսփոխան Լէյլա Զանա, որ կը նկատուի քրտական շարժումի գլխաւոր դրօշակիրներէն մէկը եւ յաճախ ամբաստանուած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անունով խօսելու մեղադրանքով, վերջերս կատարեց այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք նորութիւն էին իր աւանդական կեցուածքին մէջ։ Ան նախ խօսեցաւ վարչապետ Էրտողանի ի նպաստ՝ ըսելով, թէ ան կրնայ լուծել Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը։ Այսպիսի գաղափար մը ներհակ է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան քաղաքականութեան։

Զանայի այս յայտարարութենէն գոհ մնացած Էրտողանը շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Զանայի հետ: Հանդիպումէն ետք Էրտողան գոհացաւ` ըսելով, որ օգտաշատ տեսակցութիւն մըն էր, իսկ Զանա Կիրակի օր մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ բացատրեց, թէ յատկանշական նահանջ մը չէ կատարած իր երբեմնի գաղափարներէն։

Զանա յիշեցուց, որ 2004-էն ի վեր, երբ բանտէն արձակուեցաւ, ուզած էր նման տեսակցութիւններ ունենալ եւ հանդիպման ընթացքին յիշեցուցած է, թէ այսօրուան վախի մթնոլորտին մէջ, երբ քիւրտերու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին, քիւրտ ժողովուրդը կը սպասէ ո՛չ թէ փոքրիկ քայլերու, այլ կ՛ուզէ տեսնել մեծ ու բախտորոշ քայլեր։ Ան նշած է նաեւ, թէ տարիներէ ի վեր գործադրուած քաղաքականութիւնը արդիւնք մը չէ տուած, եւ միակ ճամբան, որ տակաւին չէ փորձուած, շարունակական բանակցութեանց հաստատումն է։ Ան ըսած է, թէ քրտերէնը ընդունուած է իբրեւ ընտրովի լեզու, բայց ասիկա չի գոհացներ քիւրտերը, որոնք կը պահանջեն մայրենի լեզուով կրթութիւն։

Միւս կողմէ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներէն Տուրան Քալքան յայտնեց, թէ զինեալ գործողութիւնները պիտի սաստկանան, եւ թէ իրենք այլեւս հասած են զինեալ բախումներով լուծում որոնելու հանգրուանը։ Քալքան աւելցուց նաեւ, որ վերջին յարձակումը, որուն ընթացքին սպաննուեցան 87 զինուորներ ու 31 քիւրտ ապստամբներ, պատասխան մըն էր լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ կարգ մը անձերու ու Զանայի ստանձնած նախաձեռնութիւններուն։ «Անոնք, որոնք Լէյլա Զանայի պէս կը յայտնեն, թէ Էրտողան կրնայ լուծել այս հարցը, մոռցած ըլլալ կը թուին վերջին տասը տարիներու զարգացումները»,- ըսաւ ան։

http://asbarez.com/arm/134724/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ