Երբ քրիստոնեայ մը կը թաղուի իսլամական կանոններով

«Հապէր թիւրք» թերթի աշխատակիցներէն Պիւլէնտ Կիւնալ, արտատպելով «Ակօս» թերթի մէջ հրատարակուած լուր մը, գրեց, որ Գայսէրիցի 87-ամեայ Յարութիւն Գամպարիզօղլու 87 տարի քրիստոնեայի պէս ապրելէ վերջ թաղուեցաւ իսլամ կանոններու համաձայն, իսլամ գերեզմանատան մէջ։ Այս զարտուղի կարգադրութեան պատճառն այն է եղեր, որ մեր եկեղեցին 8 հազար լիրա պահանջեր է յուղարկաւորութեան ու թաղման համար, մինչդեռ ննջեցեալին դուստրը` Աննա Թաշճեան, չէր կրնար վճարել այսքան մեծ գումար մը, ուստի որոշեց իր հայրը թաղել իսլամ կանոններու համաձայն, անվճար կերպով։

Գամպարիզօղլուին մարմինը թաղուեր է 18 յունիսին Կէօզթէփէի մզկիթին մէջ կատարուած կէսօրուան նամազէն ետք։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին իսլամ աղօթքներ կարդացուեր են։ Աննա Թաշճեան ըսեր է, որ հայրը մահացած էր Հայրերու օրը, հիմա ինք հոգեկան հանգստութիւն ունի, որովհետեւ հայրը բոլոր աղօթքներուն նկատմամբ յարգանք ունէր, աղօթքը աղօթք է, հողն ալ հող է։ Ինք որեւէ անհանգստութիւն չի զգար իր հայրը իսլամ կանոններով թաղած ըլլալուն համար։ Ինչ ընտանիքներ կան, որոնք երկրաշարժերու կամ այլ աղէտներու պատճառաւ իրենց ննջեցեալներուն չեն հասնիր։ Աստուած զիս արժանի դարձուց պարտականութիւնս կատարելու, ըսաւ ան։ Հօրը գերեզմանը հիմա յայտնի է։ Ան հոն կը ննջէ աղօթքներով ու սիրով։

Այս անսովոր լուրը պատճառ դարձած է նաեւ, որ քննադատական յարձակում կատարուի Պատրիարքարանի ու մեր եկեղեցիներու վարչութեանց վրայ։ Գրուած է, որ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցին մեռելակառքի, կրօնաւորի, սրահի, դագաղի ու գերեզմանատան համար 8 հազար լիրա պահանջած է։ Աննա Թաշճեանի ամուսինը ոսկերիչի մը քով աշխատաւոր է, եւ ինք ալ տանտիկին առաջարկեր է, որ մասնավճարով վճարէ այս գումարը, այդ ալ մերժուեր է։ Իրեն ըսեր են, որ «Պատրիարքարանը բան մը չի կրնար ընել»։ «Ճարահատ մնացի, Տարիւլաճիզէ հաստատութիւնը ըսաւ, որ եթէ պէտք է, իրենք կը ստանձնեն յուղարկաւորութիւնը։ Ես ալ ընդունեցի»,- ըսաւ Թաշճեան։

Եկեղեցւոյ թաղականներէն Օշին Մոմճեան այս մասին բացատրութիւն տուաւ ու ըսաւ, որ իրենք պարզապէս գաղափար մը տուին Պատրիարքարանի սակագիներուն մասին։ Իսկ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ հոգշ. Տ. Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեան ըսաւ, որ ո’չ մէկ ննջեցեալ մէջտեղը կը մնայ, Պատրիարքարանը անպայման կարգադրութիւն մը կ’ընէ, կը բաւէ, որ լուր ունենայ։

Այս լուրը որոշ ընդվզում մը յառաջացուցած է մեր եկեղեցական ու համայնքային շրջանակներէն ներս, որովհետեւ հոս վարկաբեկում մը կայ մեր եկեղեցիին ու Պատրիարքարանին հասցէին։ Կեսարացի Գամպարիզօղլուն անշուշտ որ առաջին հայ ննջեցեալը չէ, որուն ընտանիքը չէր կրնար վճարել ութ հազար լիրա, ով գիտէ` քանիներ, որոնք չքաւոր ընտանիքներու անդամ են, թաղուած են անվճար կերպով։ Համայնքը տէր կը կանգնի անոնց, կը բաւէ, որ իրապէս չքաւոր ընտանիքի անդամ ըլլան ու պատշաճ կերպով ալ լուր տրուի Պատրիարքարանին։ Մնաց որ ութ հազար լիրայի սակագինն ալ որոշապէս փարթամ յուղարկաւորութեան մը սակագինն է, կը կարծենք, թէ կան աւելի աժան սակագիներ` աւելի համեստ արարողութեանց համար։

ՀԱՅԹԵՐԹ կայքէջը, որ արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրին, իր կողմէ կ’աւելցնէ, որ ուրիշ ի՞նչ արդիւնք կը ստացուի, եթէ կարգ մը անձեր սկսին պնդել, թէ տարբերութիւն չկայ քահանայի մը կամ իմամի մը կատարած յուղարկաւորութեան միջեւ։ Հիմա ահաւասիկ օր ծագեցաւ բոլոր անոնց համար, որոնք Պատրարքարանը քննադատելու առիթ կը փնտռեն։ Պատրիարքարանը լուր ունի՞, թէ չունի, բան չի փոխուիր, որովհետեւ նպատակը այգեպանը ծեծել է։ Ասոնք ոչինչ կ’ընեն աղքատներուն օգնելու համար, բայց երբ կարգը կուգայ, լաւ մը կը շահագործեն աղքատի գրականութիւնը։

Այս համայնքը ունի իր աղքատախնամները, թաղային խորհուրդները, ազգային հիւանդանոցները, ուր կը պատսպարուին անհամար անօգնականներ, այս համայնքը միշտ տէր կանգնած է իր աղքատներուն, նոյնիսկ յաճախ անոնց, որոնք իրականութեան մէջ այնքան աղքատ չեն, որքան կը ձեւացնեն։ Համայնքը միշտ յարգած է տոհմիկ պատկանելիութիւնը։ Բայց ի՞նչ ըսել, եթէ ոմանք յանկարծ չեն ուզեր գործածել իրենց տոհմիկ պատկանելիութեան իրաւունքները։

http://www.normarmara.com/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ