Գերմանիոյ մէջ գայթակղալից հարցում

«Թլփատումը օրէնքի դէմ կրնա՞յ ըլլալ»

Գերմանիա այս օրերուն կը զբաղի բաւական տարօրինակ խնդրով մը, որուն պատճառ հանդիսացած է գերման դատարան մը` արձակելով վճիռ մը, որ ընդվզում յառաջացուցած է ամենուրեք, մանաւանդ հսլամներու ու հրեաներու աշխարհէն ներս։

Դատարանը արձակած էր այն վճիռը, թէ թլփատումը (սիւննէթ) հակաօրինական է։ Ասիկա այնքան տարօրինակ, նոյնքան անսպասելի վճիռ մըն էր, եւ ան իրաւամբ տակնուվրայ ըրաւ ամբողջ իսլամ ու հրեայ աշխարհը։

Թլփատումի մը ընթացքին պատահած արիւնահոսութեան մը պատճառաւ թլփատումը կատարող բժիշկին դէմ դատ բացուած էր։ Դատավարութեան աւարտին դատարանը յանգած էր այն եզրակացութեան, թէ մարդ մը, եթէ իր զաւակը թլփատումի ենթարկէ, ատիկա կը նշանակէ իր զաւակը վիրաւորել դանակով։ Դատարանը թէեւ ազատ արձակած էր բժիշկը, բայց պնդած էր` բժիշկը չէր գիտեր, որ իր ըրածը ապօրինի գործ է։

Ամբողջ Գերմանիա ոտքի ելաւ դատարանին այս անսովոր վճիռին դիմաց, շատ բուռն քննադատութիւններ տեղալ սկսան ոչ միայն իսլամներէն ու հրեաներէն, այլ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհէն, ինչպէս եւ գերման քաղաքագէտներէն։

Մամուլը այսօր կը հաղորդէ, որ բողոքի ձայն բարձրացուցին նաեւ Գերմանիոյ Կանանչներու կուսակցութեան համանախագահ Գլոտիա Րոթ եւ Գերմանիոյ արտաքին նախարար Կիտօ Վէսթէրվէլլէ։ Վէսթէրվէլլէ «Պիլտ» թերթին յայտարարեց, թէ դատարանին այս վճիռը շուարումի մատնեց ամբողջ աշխարհը։ Գերմանիա հիմա պէտք է ցոյց տայ, թէ բաց է ամէն տեսակ կարծիքի, կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնները, եւ թէ պէտք է պահպանուին կրօնական այնպիսի աւանդութիւններ, որոնցմէ է թլփատումը։

Գլոտիա Րոթն ալ իր կարգին ըսաւ, որ դատարանը բոլորովին օտար մնացած է ճշմարտութիւններու նկատմամբ։ «Այս վճիռը կ՚ոչնչացնէ երկար անցեալ մը ունեցող աւանդութիւն մը», ըսաւ Րոթ` դիտել տալով, որ նմանօրինակ որոշում մը ամբողջովին կը սահմանափակէ իսլամներու ու հրեաներու ապրելակերպը։

Քէօլն նահանգի դատարանն էր, որ արձակած էր այս որոշումը, ըստ որու թլփատումը կը նշանակէր մարդ վիրաւորել։ Քէօլնի դատախազութիւնն ալ չուզեց դիմել վճռաբեկ ատեանին, որպէսզի պահանջէ այս որոշումին բեկանումը։ Չուզեց դիմել, որովհետեւ կը մտածէր, որ յաջողելու հաւանականութիւնը տկար է։ Այս կերպով վաւերացուած եղաւ դատարանին որոշումը։

Դատարանին որոշումը լուրջ մտահոգութիւն պատճառած է գերմանաբնակ թուրքերուն։ Թուրք փաստաբան մը պնդեց, թէ իրենց զաւակները թլփատող ծնողները այսուհետեւ յանցաւոր պիտի նկատուին. մօտաւորապէս 10 տարուան բանտարկութեան պատիժ մը կրնայ սպասել անոնց։ Բանտարկութեան պատիժի պիտի ենթարկուին նաեւ թլփատող բժիշկները։ Մինչդեռ թլփատումը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը գործադրուի, ու հիմա կարելի է հարց տալ, թէ ո՞ւրկէ ելաւ այս տարօրինակ որոշումը։ Թուրք փաստաբանը ըսաւ, որ ուրեմն յանցանք գործած կ՚ըլլան նաեւ այն ծնողները, որոնք իրենց աղջիկներուն ականջներուն վրայ օղի համար ծակ կը բանան, այս ալ մարմինը վիրաւորել կը նշանակէ։ Փաստաբանը աւելցուց, որ Գերմանիոյ մէջ ապրող Թուրք ծնողները պատիժէ պիտի չփրկուին, նոյնիսկ եթէ իրենց զաւակը թլփատեն Թուրքիոյ մէջ։

Բայց կրօնից տեսուչ Մէհմէտ Կէօրմէզ ըսաւ, որ ոչ մէկուն ուժը կը բաւէ, որպէսզի թլփատումը արգիլէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ