Հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքչըի հետ նոյն զօրամասին մէջ ծառայած սպային դէմ գործ յարուցուած է

Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Քոզլուք շրջանին մէջ ծառայութեան ընթացքին սպաննուած հայազգի զինծառայող Սեւակ Շահին Պալըքճըի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը տեղի ունեցած է:

Սեւակի սպանութեան օրը նոյն զօրամասին մէջ ծառայութիւն իրականացնող սպային դէմ գործ յարուցուած է: Ան կը մեղադրուէր պաշտօնական անփթութեան եւ դիրքը չարաշահելու համար: Դատական այս գործը պիտի կցուի Սեւակի սպանութեան գործով դատավարութեան:

Նիստի ընթացքին ցուցադրուած է 24 Ապրիլ 2011-ին Քըվանչ Աղաօղլուի արձակած գնդակէն սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի` սպանութեան օրը կրած հագուստը եւ պահանջ ներկայացուցած է արիւնոտ հագուստը փորձաքննութեան ուղարկելու:
Դատարանին մէջ արիւնոտ հագուստին ցուցադրումը յուզած է Սեւակին ծնողները:

«Մէկ վայրկեանին մէջ մեր կեանքը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ, սակայն կասկածեալը գոնէ վայրկեան մը բանտ չյայտնուեցաւ: Մեր օրերուն, երբ անվճար կրթութեան իրաւունք պահանջողները կը բանտարկուին, մարդասպանը հանգիստ կը շրջի ազատութեան մէջ, ծով կ’երթայ, իսկ ես տղայիս գերեզմանը կը խնամեմ: Ես կ’ուզեմ, որ օրէնքի գերակայութիւնը յաղթէ, եւ ուժը չազդէ օրէնքին վրայ»,- ըսած է Անի Պալըքճը:

http://tert.am/hy/news/2012/06/29/sevak-balikchi/?sw

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ