ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր վերընտրուած Վալերի Պուայէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը կը պատրաստէ՝ զայն խորհրդարանի օրակարգ անցընելու համար:
Թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսած է, թէ խոստացած է ընտրուելու պարագային՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացնել նոր բանաձեւ մը, որուն մէջ նկատի պիտի առնուին Ֆրանսայի սահմանադրութեան պահանջները:
Ան աւելցուցած է, որ մինչ այսօր սպառնալիքներ եւ վիրաւորանքներ կը ստանայ թուրքերէ. ան «անպատասխանատու» որակած է նախորդ խորհրդարանին ներկայացուցած Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող իր հեղինակած օրինագիծին առնչութեամբ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ մամուլին որդեգրած անհանդուրժողական եւ հակաժողովրդավարական դիրքորոշումը:
Leave a Reply