«Թուրքիոյ մէջ դիւրին չէ հայ ըլլալ»
Անցեալ օր հաղորդած էինք որ Աքիթ թերթի կողմէ արշաւ մը բացուած էր յայտնի լրագրող Ալի Պայրամօղլուի դէմ: Կը պնդուէր որ ան գաղտնի հայ մըն է եւ կը պաշտպանէ Հայկական դատը: «Աքիթ» թերթը անգամ մը եւս մէկու մը Հայ եղած ըլլալը յանցագործութիւն նկատող դիրքաւորումի մը մէջ էր:
«Աքիթ» թերթի այս արշաւին արձագանգելով` Նուհ Կէօնիւլթաշն ալ հարցին մօտեցեր է տարբեր մերձեցումով մը: Ըսեր է. «Հայ ըլլալը ուրիշ բան է, գաղտնի Հայ ըլլալը` ուրիշ բան: Էթիէն Մահչուպեանն ալ «Զաման»-ի մէջ կը գրէ, բայց ոչ մէկը բան մը կ՚ըսէ անոր, որովհետեւ ան չի թաքցներ, որ Հայ է:
Նուհ Կէօնիւլթաշի այս վերջին ակնարկութիւնն ալ իր մէջ ունի Հայկական ծագում ունեցողներու նկատմամբ գաղտնի վերապահութիւն մը:
Էրքամ Թուֆան Այթավ «Հապէր-7» կայքէջի վրայ պահանջքը զգացած է պատասխանելու եւ ըսելու, որ ինք չի բաժներ Նուհ Կէօնիւլթաշի վերի կարծիքը: Այթավ կը գրէ հետեւեալը.
«Չեմ գիտեր, թէ Ալի Պայրամօղլու հա՞յ է, թէ չէ, արդէն ատիկա զիս չի շահագրգռեր: Ես մարդոց ըրածին կը նայիմ Առաջին անգամ չէ, որ մեր երկրին մէջ մէկը կ՚ամբաստանուի հայ եղած ըլլալու մեղադրանքով: Ատենօք Ճէ-Հէ-Փէցի Ճանան Արըթման Նախագահ Կիւլին համար «հայ է» ըսած էր, իսկ Նախագահ Կիւլ, փոխանակ ըսելու, որ ի՞նչ կ՚ելլէ, եթէ ինք հայ է, պատասխանած էր, որ ասիկա զրպարտութիւն մըն էր:
Դժուար է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը: Մասնաւորաբար վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին երկու հաւաքականութիւններու միջեւ ապրուած դառն պատահարները խորունկ ճաթռտուք մը գոյացուցած են թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ: Այս ճաթռտուքը այսօր մեր դիմաց կ՚ելլէ` որպէս մէկզմէկու նկատմամբ անվստահութիւն:
Ըսելիք խօսք չեմ գտներ բոլոր անոնց որոնք մարդիկը կը մեղադրեն Հայ ըլլալու յանցանքով: Ատենօք Պետութեան օդանաւներէն ծանուցումներ նետուեցան այն մասին, թէ Էօճալան հայկական հունտէ ծնունդ առած է: Այսպիսի պետութիւն մը կ՚ունենայ բնականաբար իր Օկիւն Սամասթները: Իմ խօսքս անոնց չէ: Իմ խօսքս այն միւսներուն մասին է, որոնք կը բարկանան իրենց Հայութիւնը թաքցնողներուն: Այո’, ճիշդ է, այս երկրին մէջ կան Ահմէտ կամ Մէհմէտ կոչուած անձեր, որոնք կը պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնը: Բայց Թուրքիոյ մէջ ո՞վ իր ինքնութիւնը չի պահեր: Թուրքիա դիմակաւոր պարահանդէսի ընդարձակ երկիր մըն է: Աղանդաւորէն մինչեւ համայնքայինը, համայնավարէն մինչեւ ալէվի, մինչեւ ասորի, այս երկրին մէջ ամէն մարդ ընկերային գետնի վրայ իր բուն ինքնութիւնը կը պահէ: Այսինքն` մեր երկրին մէջ ամէն հաւաքականութենէն կան անոր պատկանող «գաղտնի»-ներ: Այս տեսակէտէն բոլորովին անիմաստ է մարդոց օձիքին կառչիլ եւ պոռալ. «Վա~յ, դուն իրականութեան մէջ հայ ես եղեր, քեզի գրիփթօ, քեզի»:
Բայց այս խնդիրը ունի ուրիշ երեսակ մըն ալ:
Մեծ թիւով հայեր ատենօք, փրկուելու համար անիրաւ տեղահանութենէ, շարունակեցին ապրիլ` թաքցնելով իրենց հայկական պատկանելիութիւնը: Ասիկա հասկնալի բան մըն է: 1915-էն ասդին շատ մեծ թիւով մարդիկ իրենց տան մէջ տարբեր կեանք ապրեցան, փողոցին մէջ` տարբեր: Թէ’ Պետութեան դիրքաւորումը, թէ’ հաւաքականութեան հակազդեցութիւնը արգելք կը հանդիսանային, որ այս մարդիկը հրապարակէին իրենց բուն ինքնութիւնը: Տարիներ առաջ անգամ մը լսած էի Մեսրոպ Պատրիարքէն: Այդ շրջաններուն շատեր սկսեր են դիմել Պատրիարքարան ու յայտնել, թէ կ՚ուզեն մկրտուիլ: Ասոնք գաղտնի հայեր էին: Ժողովրդավարացման գործընթացը զանոնք մղած էր այլեւս հրապարակելու իրենց բուն ինքնութիւնը:
Բնաւ ալ դիւրին չէ օր մը յանկարծ յայտարարել, թէ «ես հայ եմ» կամ «ես յոյն եմ»: Երեւակայեցէք անգամ մը. այսքան տարիէ ի վեր ձեզ Թուրք ու մահմետական կարծող ձեր մէկ բարեկամին յանկարծ պիտի ըսէք, որ դուք հայ էք կամ յոյն: Ասիկա դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ կը շարունակուի հաւաքականութեան ճնշումը: Այս պատճառաւ է, որ ես չեմ բաժներ Նուհ Կէօնիւլթաշի այն դիտողութիւնը, թէ «Մահճուպեանն ալ կը գրէ «Զաման»-ի մէջ, բայց ոչ մէկը բան մը կ՚ըսէ անոր, որովհետեւ ան իր հայ ըլլալը չի թաքցներ»:
Leave a Reply