Յունաստանի նորանշանակ կառավարութեան մէջ պաշտպանութեան նախարար նշանակուեցաւ Փանոս Փանայոթոփուլոս: Լուրը զայրացուցած է Թուրքերը, որովհետեւ անոնք «տուժած» են Փանայոթոփուլոսի նախկին գործունէութենէն, երբ իբրեւ Նոր հանրապետութիւն կուսակցութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդարանական հատուածի ղեկավար՝ անխնայ կը քննադատէր նախարարութիւնը` թրքական ամէնօրեայ սադրանքները դիմակայելու իր անկարողութեան համար: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը։
Աւելին՝ յայտարարութենէն ետք թրքական ԶԼՄ–ները սկսած են ներկայացնել հատուածներ հարցազրոյցէ մը, զոր ան կատարած էր Քիւրտերու ղեկավար Ապտուլահ Օճալանի հետ, երբ տակաւին լրագրութեամբ կը զբաղէր: Տեսահոլովակին մէջ,այժմ կալանաւոր ղեկավարը կը պատասխանէ Փանայոթոփուլոսի այն հարցումին, թէ «հաւանական յոյն-թրքական պատերազմի մը պարագային, Քիւրտերը ի՞նչ կեցուածք պիտի պահէին արդեօք»:
Հարցազրոյցը Օճալանի հետ տե’ս այստեղ http://www.youtube.com/watch?v=mi8HVThHh14&feature=player_embedded
Leave a Reply