Թուրքիա դժգոհ Է Չեխիոյ մէջ կայացած «Մուսա լեռները» գիտաժողովէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չեխական կեդրոնի մը ղեկավար Շիմոն Քրպեց հրաւիրուած է Չեխիոյ մօտ թրքական դեսպանատուն, Փրակի մէջ ցեղասպանութիւններուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովէն քանի մը օր ետք. թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչները դժգոհութիւն յայտնած են անոր համար, որ «Մուսա լեռները» խորագիրը կրող գիտաժողովին ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսուած է:

«Գիաժողովի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուց Քալիֆորնիոյ համալսարանէն փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան: Այդ առիթով թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչները հարցուցին, թէ մենք ինչո՞ւ խնդիրին վերաբերեալ չենք ներկայացուցած երկրորդ տեսակէտ մը»,- ըսած է Քրպեց, որ թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած է, թէ ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ, եւ այդ պատճառով ալ հարկ չկայ որեւէ այլ տեսակէտ ներկայացնել:

Գիտաժողովը տեղի ունեցած է Յունիս 18-20ի միջեւ, եւ անոր ընթացքին Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն եւ Լեհաստանէն ականաւոր մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցած են:

Ինքնապաշտպանութեան եւ դիմադրութեան պատմութիւններու քննարկման ընթացքին ցեղասպանութենէն փրկուած մուսալեռցիներու ժառանգորդ փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցած է Մուսա լերան դիմադրութեան մասին:

http://asbarez.com/arm/134110/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ