Թուրքիան եւ Չինաստանը «Մետաքսի ճանապարհ»-ը համատեղ վերակառուցելուն ուղղուած նախագիծ մշակած են:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը, Թուրքիոյ մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան Աթաթուրքի անուան բարձրագոյն խորհուրդը եւ Չինաստանի հասարակական գիտութիւններու ակադեմիան սկսած են պատմական ճանապարհի վերակառուցմանն ուղղուած նախագիծի վրայ աշխատանքը:
Թրքական կողմէն նշած են, որ «Մետաքսի ճանապարհ»-ը ոչ միայն առեւտուրի, այլեւ պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ Թուրքիոյ ու Չինաստանի մէջ համաձայնագիրը կնքուած է հէնց այդ հանգամանքները նկատի առնելով:
Առաջին փուլին ուսումնասիրուած են վերջին 20 տարիներուն ընթացքին «Մետաքսի ճանապարհ»-ի երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային փոփոխութիւնները:
Նախագիծի ղեկավարները պիտի ըլլան Թուրքիան եւ Չինաստանը, սակայն բոլոր այն երկիրները, որոնցմէ անցած է «մետաքսի ճանապարհ»-ը, պիտի մասնակցին նախագիծի գիտական աշխատանքներուն: Ճանապարհը պիտի երկարի Չինաստանի Շիան քաղաքէն մինչեւ թրքական Պուրսա:
Leave a Reply