Պոլսոյ հայկական դպրոցը հիւրանոցի վերածուելով՝ նիւթապէս պիտի օգնէ համայնքին

Պոլսոյ պատմական Մեսրոպեան դպրոցը հիւրանոց պիտի դառնայ: Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Յարութիւն Շանլըն Hurriyet daily news-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ այդ համարձակ քայլը հնարաւոր դարձած է կառավարութեան վերջին օրէնսդրական փոփոխութիւններուն շնորհիւ:

«Մինչեւ 2008 մենք չէինք կրնար նոյնիսկ մէկ գամ գամել այն գոյքին վրայ, որ մեզ կը պատկանէր: Հիմա ամէն ինչ փոխուած է: Հիմնադրամներուն մասին նոր օրէնքով՝ մեր գոյքը մեզ վերադարձած է»,- ըսած է ան:

Շինութիւնը կառուցուած է 1900-ականներուն եւ սկսած է իբրեւ դպրոց օգտագործուիլ 1983-էն: Սակայն փակուած է` աշակերտներ չունենալու պատճառով:

Վերանորոգուած հիւրանոցի եկամուտը պիտի փոխանցուի Պոլսոյ հայկական հաստատութիւններուն եւ պիտի ուղղուի կարիքաւորներուն:

«Ես յոյս ունիմ, որ շուտով որոշում պիտի կայացուի նաեւ Պէյօղլուի «Թոքաթլեան-Փերա» հիւրանոցին վերաբերեալ, որուն վերանորոգումը հայ համայնքը պիտի ազատէ նիւթական խնդիրներէ»,- ըսած է Շանլը:

«Թոքաթլեան-Փերա» հիւրանոցը եղած է Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Աթաթուրքի սիրելի հիւրանոցը, սակայն անիկա այժմ կիսախարխուլ վիճակի մէջ է` վերականգնման ծրագրերու բացակայութեան պատճառով:
Հիւրանոցը կը պատկանի հայկական «Երէք խորան» եկեղեցւոյ հիմնադրամին, որուն վարչակազմը վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, մերժած է վերականգնման բոլոր առաջարկուած նախագիծերը: Հիւրանոցը կառուցած է Մկրտիչ Թոքաթլեան: Անիկա բացուած է 1897-ին, ունեցած է 160 համար, ուր հիւրընկալուած են բազմաթիւ յայտնի մարդիկ:

 http://tert.am/hy/news/2012/06/25/stambul-school/?sw

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ