Թուրքիոյ հրեաներուն համար յաւելեալ իրաւունքներ կը պահանջուի Պրազիլի մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի մէկ խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Պրազիլ այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում մը ունեցած է տեղւոյն հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կոչ ըրած են վարչապետին՝ աւելի լաւ վերաբերիլ Թուրքիոյ հրեաներուն հետ:

Էրտողան վստահեցուցած է, թէ Թուրքիոյ մէջ հրէական համայնքի իրաւունքները պետական պաշտպանութեան տակ են: «Մեր հարցը իսրայէլեան կառավարութեան ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ է», – աւելցուցած է Էրտողան՝ խօսելով լարուած թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մասին:

http://asbarez.com/arm/133908/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ