Պաթմանի համալսարանի աշխատանքային խումբը Թուրքիոյ հինգ շրջաններու մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ գտած է աւերուած 350 եկեղեցիներ, մենաստան, ամրոց, աղբիւր եւ պատմական այլ շինութիւններու մնացորդներ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Սոնտաքիքա» կայքը, գտածոներուն մեծ մասը կը պատկանի հայերուն եւ ասորիներուն. շրջակայ գիւղերու բնակիչները այդ պատմական քարերը օգտագործած են՝ կառուցելու համար իրենց գիւղերուն տուներն ու գոմերը:
Ուսումնասիրութիւնը իրականացուցած է Պաթմանի համալսարանի դոկտոր Մեհմետ Էմին Շեն՝ հինգ հոգինոց աշխատանքային խումբի մը հետ: Երկու հնագէտներու, երկու պատմաբաններու եւ լուսանկարիչի մը կողմէ իրականացուած այս աշխատանքները տեւած են շուրջ վեց ամիս:
Սասունի շրջանի Գուրգէնլի գիւղի Թաշփընարի ամրոցի աւերակներէն վերցուած խաչքարին օգտագործումը՝ յարակից տուներէն մէկուն շինութեան մէջ, ապշեցուցած է խումբի անդամները:
Հետազօտողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ նոյն գիւղի ախոռներէն մէկուն պատը կառուցելու համար օգտագործուած հայերէն տառեր պարունակող քարերը:
«Առաջին անգամն է, որ նման ուսումնասիրութիւն կ՛իրականացուի, եւ անիկա լոյս կը սփռէ Պաթմանի նահանգին մէջ թաքնուած պատմութեան վրայ», ըսած է Էմին Շեն:
Սասունի հայերու միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը կարեւոր համարած է իրականացուած ուսումնասիրութիւնները: «Հայերը եւ ասորիները պատմական կարեւոր կոթողներ ունեցած են այս տարածքներուն մէջ: Անոնց մնացորդացի յայտնութիւնը գիւղերու տուներու եւ ախոռներու պատերուն վրայ ցոյց կու տայ, թէ մենք որքա՛ն կ՛արժեւորենք պատմութիւնը: Նման աշխատանքներու շնորհիւ հնարաւոր է նաեւ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը Պաթմանի մէջ: Այս աշխատանքներուն շնորհիւ հնարաւոր է փակել նաեւ այս տարածքներուն մէջ գանձեր որոնողներու ճանապարհը», ըսած է Տաղճը:
http://asbarez.com/arm/133889/
Leave a Reply