Ճէ-Հէ-Փէի Իզմիրի երեսփոխան Թիւրէլի անհանգիստ է փոքրամասնութիւններու վերադարձուած կալուածներէն

«Առանց փոխադարձութեան կատարուած այս միակողմանի գործադրութիւնը որքա՞ն հաշտ է երկրի շահերուն»

Ճէ-Հէ-փէի Իզմիրի երեսփոխան Րահմի Աշքըն Թիւրէլի անհանգիստ է Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պատկանող կալուածներուն մասին ընդունուած նոր որոշումներէն, ըստ որոնց` բռնագրաւուած կալուածները մէկ առ մէկ կը վերադարձուին փոքրամասնութիւններուն։ Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան կողմէ գործադրուած այս նոր ու դրական քաղաքականութիւնը, որքան ալ ողջունուի խղճամիտ ու յառաջապահ շրջանակներու կողմէ, հասկնալի է, որ ժխտական ազդեցութիւն պիտի գործէր ազգայնապաշտ կամ ցեղապաշտ կարգ մը շրջանակներու վրայ եւ տեղի պիտի տար գանգատներու։

Անհանգստացողներէն մէկն է ուրեմն Ճէ-Հէ-Փէի Իզմիրի երեսփոխան Թիւրէլի, որ արտաքին նախարար Ահմէտ Տավուտօղլուէն պատասխան խնդրելով` հարցագիր մը յղեց Խորհրդարան եւ հարց տուաւ, թէ Թուրքիա յարգած կ՚ըլլա՞յ փոխադարձութեան սկզբունքը, երբ միակողմանի կերպով իր փոքրամասնութիւններուն կը վերադարձնէ անոնց կալուածները, մինչ Պալքանեան երկիրներու մէջ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Թուրք փոքրամասնութիւններու կալուածներն ու իրաւունքները։

Շատ հետաքրքրական է, որ այս անհանգստութիւնը այսքան յստակ կերպով կուգայ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութենէն, որուն կեցուածքը կ՚երեւի թէ այսօր ալ փոխուած չէ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Ճէ-Հէ-Փէի շրջանին փոքրամասնութիւններու դէմ շարունակ անիրաւութիւններ ու անարդարութիւններ գործադրուեցան, իսկ այսօր ոմանք կրնային մտածել, որ Քըլըճտարօղլուի հետ թերեւս բան մը կը փոխուի, բայց Թիւրէլիի հարցագիրը մտածել կուտայ։ ՀԱՅ ԹԵՐԹ կայքէջը, որ արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրին, կ՚աւելցնէ որ Թիւրէլիի հարցագիրը նոր մէկ ցոլացումն է Իթթիհատական այն մտածելակերպին, որ եղած է այս կուսակցութեան մտածելակերպը։ Այս երեսփոխանը կ՚երեւի թէ չի գիտեր, որ երկիր մը իր հայրենակիցներուն դէմ չի կրնար գործադրել փոխադարձութեան սկզբունքը։ Ուստի այս հարցը կապ չունի Պալքանեան երկիրներու մէջ տիրող կացութեան հետ։

Թիւրէլի իր հարցագրին մէջ Ահմէտ Տավուտօղլուին կը հարցնէ, թէ փոքրամասնութիւններու ի նպաստ միակողմանի կերպով ու առանց փոխադարձութեան կատարուած այս բարելաւումները երկրին շահերուն հետ հա՞շտ են, մինչեւ հիմա բան մը ըրի՞ք, որպէսզի Պուլկարիոյ կամ Յունաստանի մէջ ապրող Թուրքերուն կալուածները վերադարձուին, եթէ ըրիք, ի՞նչեր են անոնք, Պուլկարիոյ ու Յունաստանի դէմ այս պատճառաւ պատժամիջոցներ գործադրելու մասին կը մտածէ՞ք եւ այլն։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ