Քրտերէն հաղորդում ընող ԹՌԹ-Շէշ կայանի նոր մէկ յայտագրին առիթով կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչի ու Հիւսիսային Իրաքի ղեկավար Մէսուտ Պարզանիի հետ։ Անշուշտ նիւթն էր ՓՔՔ-ի կողմէ Հաքքարիի մէջ կատարուած վերջին յարձակումը։
Արընչ ու Պարզանի հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրին։
Արընչ ըսաւ որ մենք նոյն աշխարհագրութեան մարդիկն ենք, ամէն մարդ պէտք է դէմ գայ անոնց, որոնք կը ջանան խանգարել այս եղբայրակցութիւնը։ Ա-Գէ-Փէ տասը տարիէ ի վեր իշխանութեան գլուխ կը գտնուի, վերջերս Ճէ-Հէ-Փէն ալ այս ուղղութեամբ առաւ կարգ մը քայլեր։ Թէեւ Մէ-Հէ-Փէ մերժեց գործակցիլ, բայց վարչապետ Էրտողան անմիջապէս ողջունեց Ճէ-Հէ-Փէի պատրաստակամութիւնը։ Երբ Վարչապետը վերադառնայ արտասահմանէն, կարեւոր նոր ձեռնարկներ կրնան կատարուիլ։
Իսկ Մէսուտ Պարզանի ըսաւ, որ այլեւս անցած է զէնք գործածելու ժամանակը, այս կացութիւնը մեծ վնաս կը պատճառէ քիւրտ ժողովուրդին. «Մենք Թուրքիոյ մէջ բնակող մեր եղբայրներուն ալ կ՚ըսենք միշտ։ Անոնք պէտք է իրենց աշխատանքը շարունակեն Խորհրդարանին մէջ։ Վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ կողմէ շատ կարեւոր քայլեր առնուեցան, ու ես կը պախարակեմ վերջին յարձակումը։ Զէնքի պայքարով որեւէ արդիւնք պիտի չստացուի, ասիկա յայտնի է։ Ես շնորհակալ եմ վարչապետ Էրտողանին, նաեւ այն միւս կուսակցութիւններուն, որոնք լուծումներ կ՚առաջարկեն»։
Leave a Reply