«Լա’ւ, բայց ՓՔՔ որո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանձնէ զէնքերը»

Պէ-Տէ-Փէէն Տիյարպաքըրի երեսփոխան Ալթան Թան, երէկ մամլոյ ասուլիսի մը մասնակցելով, հետաքրքրական հարցում մը ուղղեց։ Ան յիշեցուց, որ իշխանութիւնները շարունակ կ՚ըսեն, որ ՓՔՔ պէտք է վար դնէ զէնքերը. «Շատ լաւ, թող զէնքերը վար դրուին, բայց ՓՔՔ որո՞ւ յանձնէ զէնքերը, ինչպէ՞ս յանձնէ եւ ինչո՞ւ յանձնէ։ Ո՞ւր յանձնէ զէնքերը. անջատողականները Իրաքի՞ մէջ յանձնեն զէնքերը, թէ ոչ Թուրքիա գան ու «Թուրք եմ, ուղղամիտ եմ, երանի Թուրք եմ ըսողին» ըսեն ու զէնքերը յանձնեն»։

Թան ըսաւ, որ երեսուն տարիէ ի վեր նոյն բաները կ՚ապրուին ու նոյն բաները կ՚ըսուին։ Երեսփոխանը մեղադրանքներ ըրաւ թուրք բանակին հասցէին, պնդեց, որ նոյնիսկ այն շրջանին, երբ կը յայտարարուի, որ բանակը գործողութիւնները դադրեցուցած է, անդին հաւաքական սպանդներ կը կատարուին ապահովութեան ուժերու կողմէ։ Միշտ նոյնը կը կրկնուի, յայտարարութիւններ կը կատարուին, բայց երեք օր վերջ նախկինին կը վերադարձուի։ «Արիւնը գետինը պիտի չմնայ, ահաբեկչութեան գլուխը պիտի ճզմուի», եւայլն։ Երեսուն տարիէ ի վեր այս է, որ կ՚ըսուի։

Թան այս կացութենէն ուղղակի պատասխանատու նկատեց վարչապետ Էրտողանը` պնդելով, որ վարչապետը օր մը բան մը կ՚ըսէ, ուրիշ օր մըն ալ հակառակը կ՚ընէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ